2015-10-03 09:34:00

Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը։


 (Ռատիօ Վատիկան) ''Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի'' ստեղծումը կը պարտինք Պօղոս Զ Քահանայապետին որ 15 սեպտեմբեր 1965-ին ''Apostolica Sollicitudo'' հրատարակած ինքնագիր նամակով հիմնեց այս եպիսկոպոսական հաստատութիւնը։ Այս տարի կը նշուի անոր հիմնարկութեան 50-րդ ամեակը։ Սիւնհոդոսը կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համախմբումն է որուն պարտականութիւնն է օգնել Քահանայապետին` Անոր յանձնուած տիեզերական եկեղեցւոյ կառավարման առաքելութեան մէջ։

Սիւնհոդոս բառը կը նշանակէ ''միասնաբար ընթանալու ճանապարհ''։ Եկեղեցին, արդարեւ, պատմութեան մէջ միասին քալող ժողովուրդ մըն է, որպէս Աստուծոյ Արքայութեան նշան` նուիրուած համայն մարդկութեան։

Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը առ այդ ''եպիսկոպոսներու հաւաքականութեան''  հաստատութիւն մըն է'' ի սպաս Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ։

Սիւնհոդոսը խորհրդարան մը չէ որուն որոշումները որոշիչ արժէք ունին, այլ ուղեւորութիւն մըն է որ համայն եկեղեցին կ՛իրագործէ հոգեւոր խորաթափանցութեամբ, հիմնուած Սուրբ Հոգւոյն` Եկեղեցւոյ տուած առաջարկներու վրայ։

Սիւնհոդոսը ունի խորհրդակցական հանգամանք քահանայապետական ուսուցումին ի սպաս։ Ան կը քննարկէ այն ինչ որ բարի է եւ վաւերական ու զայն կ՛առաջարկէ Եկեղեցւոյ եւ Սրբազան Քահանայապետին, որուն հիման վրայ կ՛առնուին համապատասխան որոշումներ։

Ասոր համար է որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հռոմ կանչեց աշխարհի եպիսկոպոսները որոնք յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի գումարեն 14-րդ սովորական սիւնհոդոսը որուն նիւթն է ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհի մէջ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.