2015-10-02 09:38:00

Տարեցներու միջազգային Օր


Հոկտեմբեր 1-ը Տարեցներու միջազգային օրն է: Այս առիթով, Հոկտեմբեր 1-ին Հալէպի Հայ Ծերանոցի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ նախաձեռնութիւն մը: Հայ Ծերանոցի տնօրէն տիար Աւօ Գաթրճեան, Խնամակալութեան եւ Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի ընկերակցութեամբ սենեակ-սենեակ շրջագայեցան եւ շնորհաւորեցին ծեր-պատսպարեալներուն, զրուցեցին անոնց հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:

Տարեցներու միջազգային օրուան առիթով Հայ Ծերանոցի մեծ ընտանիքի անդամները իւրաքանչիւր մամիկի եւ պապիկի նուիրեցին ծաղկեփունջ մը` մաղթելով անոնց առողջ, ուրախ եւ երկար տարիներ: Ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն:

Հայ Ծերանոցի տնօրէն տիար Աւօ Գաթրճեան շնորհաւորեց տարեցները իրենց տօնին առիթով: Ան Աստուծոյ փառք տուաւ իւրաքանչիւր տարեցի կեանքին համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Ծերանոցի անձնակազմին իրենց տարած բծախնդիր հոգատարութեան համար եւ անոնց կողմէ ներողամտութիւն խնդրեց տարեցներէն, եթէ երբեմն թերացումներ կը պատահին, յատկապէս պատերազմական այս տագնապալի օրերուն:

Նշենք որ Տարեցներու միջազգային օրը հռչակուած է 14 Դեկտեմբետ 1990-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.