2015-10-02 13:28:00

Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբի օգնութիւնը Արեւելքի Քրիստոնեաներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբը գործի լուծուած է օգնութեան հասնելու համար Միջին Արեւելքի հալածուած քրիստոնեաներուն։

Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին ուղղած մէկ պատգամով մը, յանձնախումբի նախագահ` կարդինալ Մարք Ուելլէն, խնդրած է որ բոլոր տեղական եկեղեցիները ձեռնարկներ կազմակերպեն հրաւիրելու համար հաւատացեալները իրենց սատարը տալու, ըլլայ աղօթքով ըլլայ զօրակցութեան արտայայտութիւններով, Միջին Արեւելիքի դժուար կացութեան մէջ ապրող ու հալածուած քրիստոնեաներուն։

Կարդինալ Ուելլէն հրաւիրած է եպիսկոպոսները իրենց երկիրներու կառավարիչներուն խնդրանք ներկայացնելու որպէսզի ըլլայ ազգային ըլլայ միջազգային գետնի վրայ անոնք նեցուկ կանգնին կրօնի ազատութեան դատին եւ զօրակից ըլլան անոնց որոնք թիրախ են բռնութիւններուն եւ հալածանքներուն։

Կարդինալ Ուելլէ ապա մեկնելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչէն հրաւէր ուղղած է տեղական եկեղեցիներուն հիւրընկալ ըլլալու փախստականներուն հետ յատկապէս Սուրիացի եւ Իրաքցի գաղթականներուն նկատմամբ։

''Թող որ երբեք չպակսի մեր այս եղբայրներուն համար տիեզերական աղօթքը'' կը գրէ Ծիրանաւորը իր նամակին մէջ ապա հրաւէր կ՛ուղղէ բոլոր Լատին Ամերիկայի եկեղեցիներուն որպէսզի յառաջիկայ 8 դեկտեմբերին` Ողորմութեան Սուրբ Տարւոյն Սուրբ Դռան բացումի արարողութեան առթիւ, դրամահաւաք կազմակերպեն, որուն հասոյթը յատկացուի Սուրիոյ եւ Ւրաքի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն հաստատելով թէ ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հասարակութիւններու գոյատեւումը, հիմնական է համայն կաթողիկէութեան համար''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.