2015-10-01 12:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ''գաղթականներու եւ ապաստանեալներու համաշխարհային օրուան'' պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 1 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին `''գաղթականներու եւ ապաստանեալներու համաշխարհային օրուան'' առթիւ հրատարակած պատգամը։ Վերոյիշեալ համաշխարհային օրը կը նշուի 17 յունուար 2016-ին, ''Գաղթականներն ու ապաստանեալները մեզ կը հարցաքննեն։ Աւետարանի Ողորմութեան պատասխանը'' բնաբանով։

Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ գրեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, 

Ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարւոյն կոնդակի մէջ յիշեցուցի թէ ''կան որոշ պահեր որոնց ընթացքին աւելի զօրեղ կերպով հրաւիրուած ենք մեր հայեացքը հաստատ կերպով սեւեռելու ողորմութեան, որպէսզի մեր կարգին դառնանք Հօր ներգործութեան արդիւնաւէտ նշան'' (Misericordiae Vultus, 3). Աստուծոյ սէրը արդարեւ կը մտի հասնիլ իւրաքանչիւրին, փոխակերպելով անոնք որոնք կ՛ընկալեն Հօր ողջագուրումը այլ բազուկներու, որոնք իրենց կարգին կը բացուին ու կը թափահարուին, որպէսզի բոլորն ալ իմանան թէ սիրուած են որպէս երախաներ իրենց` մարդկային միակ ընտանիքի  տան մէջ։

Այսպէսով է որ Աստուծոյ հայրական մտահոգութիւնը` հոգատար է բոլորին հանդէպ, այնպէս ինչպէս կ՛ընէ հովիւը իր հօտին հետ, առ աւելիով զգայնութիւն ցուցաբերելով վիրաւորուած, յոգնած կամ հիւանդ ոչխարին նկատմամբ։ Յիսուս Քրիստոս այսպէս ներկայացուց մեզի Հայրը, ըսելով թէ Ան կը խոնարհի ֆիզիկական ու բարոյական խեղճութեան տակ ընկճուած մարդուն վրայ եւ որքան աւելիով   անոր կացութիւնը վատթարանայ այնքան աւելիով կը բացայայտուի Աստուածային Ողորմութեան արդիւնաւէտութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց ժամանակակից գաղթականութեան երեւոյթին. Փախստականներուն որոնք կը փախչին իրենց հայրենիքէն, հարցաքննութեան ենթարկելով անհատներն ու հաւաքականութիւնը։ Գաղթականները որոնք յաճախ թիրախ են բռնութիւններուն եւ աղքատութեան, ու դէպի աւելի լաւ ապագայի երազանքով կ՛ենթարկուին մարդոց վաճառականներու արհամարհանքին։ Ապա դէմ յանդիման կը դրուին նոր միջավայրի մէջ տիրող վախին ու կասկածներուն եւ օրէնսդրական կանոններուն։

 

Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց թէ ''այսօր աւելի քան երբեք ողորմութեան Աւետարանը կը ցնցէ խիղճերը, արգելք հանդիսանալով ուրիշին տառապանքը սովորութիւն դարձնելու իրականութեան ու ցոյց տալով ուղին` որուն արմատները կը գտնուին հաւատքի­, յոյսի եւ սիրոյ աստուածաբանական առաքինութիւններուն մէջ։ 

Սրբազան Քահանայապետը  դիտել տուաւ թէ գաղթականութեան հոսքը կառուցուածքային իրականութիւն դարձած է որուն առաջին հարցը կը դառնայ յաղթահարել արտակարգ իրավիճակի հանգրուանը­, ու ձգտիլ  ծրագիրներու որոնք հաշուի առնեն գաղթականութեան պատճառները, ու անոր յառաջացուցած փոփոխութիւններն ու հետեւանքները­ հասարակութիւններուն  եւ ժողովուրդներուն վրայ։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց միլիոնաւոր մարդոց ու կիներուն որոնք ի տես մարդկայնական անընդունելի տագնապին կը հարցաքննեն միջազգային հասարակութիւնը որուն անտարբերութիւնն ու լռութիւնը մեղսակցութիւն կը նկատուի տեղի ունեցած բռնութիւններուն ու նաւաբեկութիւններու զոհերուն։

Գաղթականները գրեց Քահանայապետը մեր եղբայրներն ու մեր քոյրերն են որոնք կը փնտռեն աւելի լաւ կեանք մը հեռու աղքատութենէն, սովէն, չարաշահումներէն ու կենսոլորտի կենսամիջոցներու անարդար բաշխումէն։

Ան ապա մատնանշեց ''ինքնութեան'' հարցին նշելով թէ գաղթականը ընդհանրապէս ստիպուած է փոխել իր անձնականութեան հայող սովորութիւնները ու հարց տուաւ թէ ի՞նչպէս կարելի է ապրիլ այս փոփոխութիւնները որպէսզի արգելք չի հանդիսանան զարգացումի այլ ըլլան հնարաւորութիւն մարդկային, ընկերային եւ հոգեւոր իսկական աճումին։

Սուրբ գրային յայտնութիւնը կը քաջալերէ օտարականին հիւրընկալութիւնը, հաստատելով թէ այդպէսով կը բացուին Աստուծոյ դռները ու անոր դիմագիծին մէջ կը յայտնուի Յիսուս Քրիստոս։ Շատ մը կազմակերպութիւններու ու հաստատութիւնները կը փորձարկեն այս հանդիպման ու զօրակցութեան ուրախութիւնը թէեւ չեն դադրիր բանավէճերը այդ հիւրընկալութեան սահմանափակումներ գոյացնելու բերումով  գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ 

''Աւետարանի պատասխանը ողորմութիւնն է'' որ է  ''Հօր Աստուծոյ շնորհքը յայտնուած անոր Միածին Ոդիին մէջ։ Ողորմութիւնը կը յառաջացնէ ուրախութեան եւ երախտագիտութեան ու յոյսի զգացումներ. կը հզօրացնէ զօրակցութիւնը հանդէպ մերձաւորին։ Հիւրընկալութիւնը իսկականին մէջ առնել ու տալ է, ասոր համար հարկ է գաղթականին նայիլ որպէս անձ ու պաշտպանել անոր արժանապատուութիւնը։ Անձ մը որ կարող է սատարել բոլորին բարօրութեան ու բարգաւաճուին, նա մանաւանդ այն ժամանակ երբ  հիւրընկալողներուն հանդէպ պարտականութիւններ կը ստանձնէ։ Ասոր համար  կարելի չէ գաղթականութիւնը նկատել լոկ քաղաքական, օրէնսդրական եւ տնտեսական չափանիշ եւ կամ տարբեր մշակոյթներու միջեւ զուտ համակեցութիւն։

Եկեղեցին կ՛աջակցի բոլոր անոնց որոնք կը պաշտպանեն ամէն անհատի իրաւունքները ապրելու արժանապատուութեամբ, յատկապէս պաշտպանելով անոր չգաղթելու իրաւունքը, որպէսզի կարենայ սատարել իր հայրենիքին բարգաւաճումին։  Ծրագիր մը որ կը նախատեսէ  օգնութիւն մատուցել այն երկիրներուն որտեղէն կը մեկնին գաղթականներն ու փախստականները որպէսզի դադրին այդ երեւոյթներու հոսանքները։

 

Ոչ մէկը կրնայ ինքզինք համր ու խուլ ձեւացնել ի տես` այրեր կիներ ու մանուկներ վաճառող քրէական կազմակերպութիւններուն կիրակած նորաձեւ ստրկութեան երեւոյթին։

''Ո՞րքան անձեր թիրախ են մարմնավաճառութեան, ու մարմնի անդամներու վաճառքին։ Քանի՞ անչափահասներ ստիպուած են զինուորագրուելու զինեալ խմբաւորումներու շարքին'', հարց տուաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ժամանակակից գաղթականները կը հարցաքննեն եկեղեցին ու համայն մարդկային հասարակութիւնը որպէսզի անոնք երկարէն հիւրընկալող ձեռք մը ու կարենան տեսնել Տիրոջ դիմագիծը որ է ''Հայր բոլոր գթութիւններուն եւ Աստուած ամէն մխիթարութեան''։ Ան ապա հարմար նկատեց որ հասարակական կարծիքը տեղեակ պահուի այս հարցին շուրջ,  որպէս կանխարգիլում այն վախերուն եւ գաղթականներու մորթին վրայ շահարկումին։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամը փակեց մտաբերելով աստուածաշունչի օտարականի հիւրընկալութեան պատկերը ու հրաւիրելով  ''չթողուլ որ խլեն կեանքի յոյսն ու ուրախութիւնը որոնք յառաջ կու գան Աստուծոյ գթութեան փորձառութենէն որ կը յայտնուի մեր ճանապարհին վրայ հանդիպած մարդոց մէջ''։ Ան ապա պատգամը եզրափակեց հայցելով Եգիպտոսի մէջ գաղթականութեան տաժանելիութիւնը փորձարկած Աստուածամօր` գաղթականներու եւ ապաստանեալներու Մայր, ու Սուրբ Յովսէփի հովանին, բոլոր գաղթականներուն ու անոնց խնամակալութեան եւ հոգատարութեամբ զբաղող անհատներուն։

Տուեալ ի վատիկան 12 սեպտեմբեր 2015-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.