2015-09-30 14:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը ուղղուած փոքրիկն Տամիանոյին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմէացի 8 տարեկան մանուկ մը, նամակ մը յղած էր Ֆրանչիսկոս Պապին զինք Լուրտ հրաւիրելով, մաս կազմելու համար Հիւանդներ դէպի Լուրտի Սրբավայր փոխադրող ընկերակցութեան ձեռնարկած ''Առաքելութիւն ու Խաղաղութիւն մանուկներուն'' 10-րդ ուխտագնացութեան։

Սրբազան Քահանայապետը Տամիանոյին նամակին պատասխանած է անորմէ ու իր բարեկամներէն խնդրելով որ աղօթեն յատկապէս ''փոքրիկ գաղթականներուն համար''։

''Սիրելի Տամիանօ, սիրելի խաղաղութեան դէպի լուրտ առաքեալ մանուկներ, իմացայ թէ ձեր խաղաղութեան առաքելութիւնը  այս տարի ձեզ կը տանի Լուրտի Սրբավայր, Աստուածամօր ոտքին Անորմէ հայցելու պաշտպանութիւն ու հովանի'' գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը իր նամակին սկիզբը յայտնելով թէ ինք եւս իրենց կ՛ընկերանայ աղօթքով։

Ան ապա հրաւիրած է մանուկները Աստուածամօր ու Մանուկ Յիսուսին փոխանցելու իրենց սպասումները, իրենց յոյսերը ու իրենց ուրախութիւնն ու տառապանքը, վստահելով Տիրոջ օգնութեան ու Մարիամի նեցուկին։

''Ձեր այս  առաքելութիւնը ըլլայ աղօթքի ու վկայութեան առաքելութիւնը, մեծերուն ցոյց տալու համար թէ մանուկները գիտեն աղօթել ու կը սիրեն Յիսուսը, այն բարեկամը որ երբեք չի դաւաճաներ, ու ցոյց տալու թէ մանուկները գիտեն իրար զիրար օգնել եւ յուսալ աւելի պատշաճ ապագայ մը''։ Գրած է ապա Քահանայապետը ակնարկելով բազմաթիւ գաղթական մանուկներուն որոնք իրենց ծնողներուն հետ միասին կը փորձեն ''յոյսի ճանապարհը ընդգրկել'' ու խնդրելով որ յատուկէն աղօթեն  այդ գաղթական մանուկներուն համար։

Սրբազան Հայրը հուսկ քաջալերած է մանուկները ու անոնցմէ խնդրած է որ աղօթեն իրենց համար անոնց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետին փոքրիկն Տամիանոյին ուղղուած նամակին հրապարակային ընթերցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր 17-ին Լուրտի մէջ, վերոնշեալ ուխտագնացութեան աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.