2015-09-30 10:13:00

Միջ-եկեղեցական աղօթք Պեռնի Մայր տաճարին մէջ


Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի հրաւէրով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Զուիցերիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Պեռնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն,ուր Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց:

Միջ-եկեղեցական արարողութեան ներկայ էին Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահ Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըր եւ իրեն ընկերացող խումբ մը կղերականներ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի ու Լիբանանի հիւպատոսները, զուիցերիացի ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ, Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան անդամները՝ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, ԿաթողիկոսարանիՄիջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. ՊետրոսՎրդ. Մանուէլեան, Պետական Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունի, Արմէնօֆաս Հիմնարկի Նախագահ Տիկ.ԹենիՓիրրի-Սիմոնեան,Արմէնօֆաս յանձնախումբի այլ անդամներ եւ շուրջ 200 զուիցերիացիներ ու զուիցերիաբնակ Հայեր:

Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հրաւէրին համար եւ ապա անդրադարձաւ գլխաւոր երեք կէտերու՝ 1) Հաւատք Աստուծոյ նկատմամբ, 2)Պաշտպանութիւն արդարութեան եւ 3) Զօրակցութիւն մարդկային արժանապատուութեան, որոնք մղիչ ուժը հանդիսացան զուիցերիացի ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու պետութեան, ամէնէն դժուարին օրերուն հայ ժողովուրդին զօրակցելու: «Զուիցերիոյ երիտասարդ նոր սերունդի զաւակները պէտք է հպարտ զգան իրենց ծնողներուն եւ նախահայրերուն, հայ ժողովուրդին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած մարդասիրական վերաբերմունքին համար: Հայ երիտասարդ սերունդը իր կարգին երախտապարտ պէտք ըլլայ եւ յիշէ զուիցերիոյ ժողովուրդին կատարած մարդասիրական զօրակցութիւնը, հայ ժողովուրդի ամէնէն ճգնաժամային պահուն: Մենք բոլորս պէտք է մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք: Մենք նաեւ նոր տեսիլքով ապագային պէտք է նայինք: Ինչպէ՞ս կրնանք մեր անցեալի փորձառութենէն սորվիլ եւ նախկին զօրակցութիւնը փոխակերպել համագործակցութեան ու բարեկամութեան: Ա՛յս է մեր առջեւ գտնուող նոր մարտահրաւէրը» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

Դոկտ. Լոխըր իր կարգին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, զուիցերիացի ժողովուրդին քրիստոնէական արժէքներու նկատմամբ ունեցած ամուր կապուածութեան, որ զիրենք մղեց ծառայելու հայ ժողովուրդին ու զօրավիգ կանգնելու անոր արդար դատին:

Արարողութեան ընթացքին աղօթքներու եւ սաղմոսներու ընթերցումներու կողքին նուագուեցան հայկական շարականներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.