2015-09-30 09:32:00

ՀՀ նախագահ Սարգսեանի ելոյթը ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովին


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է հարեւաններու կողմէ անօրինական կերպով Հայաստանի շրջափակման վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

ՀՀ նախագահ Սարգսեան՝ ելոյթ ունենալով Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 70-րդ նստաշրջանի ընթացքին, շեշտած է դիւանագիտական ջանքերու կիրառման կարեւորութիւնը` յատկապէս փակ սահմաններու բացառման նպատակով: «Այս ամպիոնից ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ շեշտել դիւանագիտական ջանքերի կիրառման կարեւորութիւնը` յատկապէս փակ սահմանների բացառման նպատակով: Հայաստանը, որի հարեւանները անօրինական շրջափակում են իրականացնում, անթոյլատրելի է համարում 21-րդ դարում միջմշակութային, մարդկային շփումները խաթարող եւ առեւտրային կապերի համար արհեստական խոչընդոտներ ստեղծող անհեռատես քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Հայաստանը կարեւոր կը համարէ դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու հարցերով ՄԱԿ-ի համաժողովներու պարբերաբար իրականացման: «Մենք պատրաստակամ ենք ներդնելու մեր ջանքերը այս գործում, այդ թւում նաեւ թեմայի շուրջ միջանկեալ աշխատաժողովներ հիւրընկալելով մեր երկրում»,- նշած է ՀՀ նախագահը:

Անոր խօսքով` միասնական եւ համարժէք գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ Իրանի միջուկային ծրագիրին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կը վկայէ, որ համապատասխան կամքի առկայութեան, հակասութիւններու հարթեցման եւ համագործակցային ոգիի շեշտադրման պարագային իսկապէս կարելի է բարդագոյն խնդիրներու համար լուծումներ գտնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.