2015-09-28 14:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապին յղած հեռագիրերը Վատիկան վերադարձի թռիչքի ընթացքին


(Ռատիօ Վատիկան) Միացեալ Նահանգներ կատարած առաքելական ճամբորդութեան 10-րդ միջազգային ճամբորդութեան աւարտին,  Ֆրանչիսկոս  Պապ Վատիկան վերադարձի  թռիչքին ընթացքին, սովորութեան համաձայն հեռագիրեր ուղղեց, այն երկիրներու պետական իշխանութեանց որոնց օդային տարածքին վրայէն կը սաւառնի ՝  Միացեալ նահանգներ, Քանատա , Ֆրանսա ապա  Իտալիա։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամային յղած հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնելով   իր խորին գնահատանքը ՝ ջերմ ընդունելութեան համար,  Նախագահին  ապահովուած է իր աղօթքը  համայն ժողովուրդին բարօրութեան ի սպաս։

Ողջունելով Քանատայի, Ֆրանսայի, նախագահները ու անոնց Ժողովուրդը Ֆրանիչկսո Պապ շնորհած է իր Առաքելական օրհնութիւննեըը

Իսկ՝ Իտալիոյ Նախագահ՝  Սերճիոյ Մաթթարելայի ուղղած հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը, ողջունելով Նախագահը եւ իրեն շատ սիրելի Իտալիոյ ժողովուրդը, անոնց ապահովեցուցած է իր աղօթքը Ամենակալէն հայցելով Իտալիոյ Ժողովուրդին համար բարօրութիւն ու  Ազգային յառաջդիմութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.