2015-09-27 16:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը սեռային չարաշահումի զոհերուն հետ


Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի որ մաս կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան պատուիրակութեան հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն միջոցաւ կը տեղեկացնէ թէ այսօր` 27 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ֆիլատելֆիայի Սան Քարլօ Պորոմէօ դպրեվանքին մէջ հանդիպում ունեցաւ` կղերականներու կողմէ  ''սեռային չարաշահումի'' թիրախ զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ` Երեք կին ու երկու այր մարդիկ առաջնորդութեամբ Պոսթոնի Արքեպիսկոպոս կարդինալ Սին Փաթրիք Օ Մալլէյի որ է նաեւ Անչափահասներու պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնախումբի նախագահը, Ֆիլատելֆիայի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Չափութի եւ Ֆիլատելֆիայի թեմի անչափահասներու պաշտպանութեան գրասենեակի պատասխանատու գերապայծառ Ֆիթսեկարի առաջնորդութեամբ։

Քահանայապետը ունկնդրելէ ետք անոնց վկայութիւնները անոնց ուղղեց քաջալերական ու մխիթարական խօսքեր իրենց միասին աղօթելով ու անոնց արտայատելով իր ցաւը ու իրենց տառապանքին իր մասնակցութիւնը ինչպէս նաեւ անպատուութիւնը զոր կը զգայ ի տես եկեղեցականներու կամ անոնց համագործակիցներուն պատճառած վէրքերուն համար։

Քահանայապետը վերանորոգեց իր ու Եկեղեցւոյ յանձնառումը արդարութեամբ ունկնդրելու արարքի բոլոր զոհերը ու յանցագործերը պատժելու։ Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց տուած քաջ ու հիմնական վկայութեան ի լոյս բերելու համար ճշմարտութիւնը։ Հանդիպումը որ տեւեց կէս ժամ վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.