2015-09-27 15:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ընտանիքի հաւաքին մասնակցող հիւր Եպիսկոպոսներուն ուղղած խօսքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, կիրակի, 27 սեպտեմբերին, Ֆիլատելֆիայի Քարլօ Պորրոմէօ ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Ընտանիքի համաշխարհային 8-րդ հաւաքին մասնակցող հիւր Եպիսկոպոսներու հետ։ Անոնց ուղղած իր յորդորին մէջ, Սրբազան Պապը ըսաւ.

«Ընտանիքը՝ Եկեղեցւոյ համար մտահոգութեան պատճառ մը չէ, այլ արարչագործութեան պսակումի աստուածային օրհնութեան երջանիկ վաւերացումը։ Ներկայ դժուարին ժամանակաշրջանը մեզմէ կը պահանջէ վճռակամ քայլ մը՝ այս իրականութեան ճանաչումի նկատմամբ։ Հակառակ մեր առջեւ գտնուած խոչընդոտներուն՝ գնահատանքը եւ երախտագիտութիւնը պէտք է գերիշխեն գանգատի վրայ։ Ընտանիքը հիմնական վայրն է Եկեղեցւոյ եւ Աստուծոյ արարչութեան դաշնակցութեան»։

Ներկայ ժամանակաշրջանի հիմնական փոխակերպումը, որ կ՛ազդէ ընկերային եւ իրաւական մշակոյթի եւ ընտանեկան կապերու վրայ՝ կը ներգրաւէ մեզ բոլորս՝ հաւատացեալներ եւ ոչ հաւատացեալներ։ Ժամանակին կ՛ապրէինք ընկերային համակարգի մը մէջ, ուր քաղաքային հաստատութեան եւ քրիստոնէական Սուրբ Խորհուրդի միջեւ գոյութիւն ունեցող առընչութիւնը առողջ էր եւ յստակօրէն սահմանուած։ Անոնք իրարու կապուած էին եւ փոխադարձաբար իրարու նեցուկ կը կանգնէին։ Ներկայիս այդպէս չէ։

Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց ներկայի ընկերութեան մտայնութիւնը, ուր անհատական կապեր, յարաբերութիւն եւ մօտիկութիւն չկայ։ Այս նոր մշակոյթը կը խրախուսէ անհատները, որ չկապուին որեւէ բանի եւ ոեւէ անձի, չվստահիլ ոչ մէկուն եւ վստահութիւն ներշնչել։ Կը մտածուի միայն սպառումի մասին՝ սպառել յարաբերութիւնները, սպառել բարեկամութիւնները, սպառել նաեւ կրօնքը։ Սպառումի մտայնութիւնը կը գերիշխէ, կարծէք աշխարհ մեծ վաճառատուն մը ըլլար։ Այս մշակոյթը յառաջ կը բերէ անգոհունակ սրտեր, կը բանայ վէրքեր  եւ անհատներ կը թողու առանձնութեան մէջ։ Այս մտայնութեան զոհ կը դառնայ ընտանիքը եւ ամուսնութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կոչ ուղղեց՝ հաւաքական ոյժերով վերստին թափ տալ ընտանիքի ծնունդին՝ ամբողջութեամբ պատասխանելով Աստուծոյ օրհնութեան։ Պէտք է աշխատինք, որ երիտասարդներ յանդգնութեամբ ընդգրկեն ամուսնութիւնը եւ ընտանիքը։ Պէտք է ցոյց տանք, որ ընտանիքի Աւետարանը՝ իսկապէս «բարի լուր» մըն է՝ աշխարհի մը մէջ, ուր անձին վրայ կենդրոնացած ուշադրութիւնը կ՛իշխէ բացարձակօրէն։

Հովիւը կը հսկէ իր ոչխարներուն վրայ։ Այս «հսկողութիւնը» միայն խօսքերով չէ որ կը կատարուի, այլ հովուական հոգատարութեամբ։ Միայն այն անձը կրնայ հսկել, որ չի վախնար հարցումներէ, հաղորդակցութենէ եւ ընկերակցելէ։ Հովիւը նախ եւ ամենէն առաջ կը հսկէ աղօթքով, պահելով իր ժողովուրդին հաւատքը եւ վստահելով Տիրոջ ներկայութեան։

Բարի Հովիւը կը հրաժարի անձնական ընտանեկան կապերէ, որպէս զի իր բոլոր ոյժերը եւ իր կոչումին յատուկ շնորհքը տրամադրէ այր մարդու եւ կնոջ կապի օրհնութեան։ Այր մարդը եւ կինը կեանք կու տան Աստուծոյ արարչութեան ծրագրին, սկսելով կորուսեալներէն, լքուածներէն, վիրաւորուածներէն, խորտակուածներէն, սրտաբեկ անձերէ, եւ անոնցմէ՝ որոնց զլացուած է արժանապատուութիւնը։

Ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ ''ծառայութիւնը պէտք է զարգացնէ Եկեղեցւոյ եւ Ընտանիքի միութիւնը'' ապա ընդգծեց թէ  ''Ընտանիքը մեր դաշնակիցն է, մեր պատուհանը՝ աշխարհի մէջ, Աստուծոյ անյետսկոչելի օրհնութեան փաստը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.