2015-09-27 17:10:00

Ֆիլատելֆիայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի բանտարկեալներուն հետ հանդիպումը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 27 սեպտեմբերին, Ֆիլատելֆիայի մէջ տեղական ժամով առաւօտեան  11.00ին (Հռոմի ժամով 17.00ին),   Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Ֆիլատելֆիայի ՝՝Քուրրան Ֆրոմհոլտ՝՝ անուան բանտը ուր հանդիպում ունեցաւ  բանտարկեալներուն հետ։

Այս առթիւ, Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղած պատգամին մէջ ըսաւ

''Բանտարկեալի մը իրավիճակը դժուար պահ մըն է, լի է  մարտահրաւէրներով, ցաւալի՝ է  բանտարկեալներուն համար ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու բովանդակ ընկերութեան համար''։

Ընկերութիւն մը կամ ընտանիք մը որ չի գիտեր վշտանալ իրենց զաւակներու կրած տառապանքներուն համար ,դատապարտուած է՝   իր ցաւերուն   մէջ բանտարկուելու ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա՝ ակնարկելով օրուան աւետարանական ընթերցումին

ուր կը պատմուի վերջին ընթրիքի պահուն,  Յիսուսի առաքեալներու ոտքերը լուալու մասին ըսաւ ''Յիսուսի կատարածը մեզ յիշեցնել կու տայ թէ Ան մեր մօտ կու գայ մեզի դարձեալ պարգեւելու՝ Աստուծոյ զաւակներու արժանապատուութիւնը''։

Ան կուզէ օգնել մեզի շարունակելու  համար  մեր ուղեւորութիւնը,  վերաշահելու  յոյսը եւ վերադարձնելու մեզի՝ հաւատքն ու յոյսը։

Յիսուս  կուզէ որ մենք վերադառնանք ճամբաներու վրայ՝ դէպի կեանք, զգալով թէ ունինք առաքելութիւն մը կատարելիք  եւ  բանտարկութեան ժամանակամիջոցը չէ եղած միայն մեկուսացումի հոմանիշ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնեց թէ ցաւալի են այն բանտարկեալներու համակարգերը որոնք չեն գիտեր բուժել  բանտարկեալներու վէրքերը եւ առիթ ընծայել անոնց նոր հնարաւորութիւններու ։

Ցաւալի է այն մտածելակերպը, թէ միայն՝ ոմանք կարիքն ունին լուացուելու, մաքրուելու  առանց նկատի առնելու անոնց յոգնութիւնը, անոնց վէրքերը , որ է  նաեւ ընկերութեան վէրքերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց  թէ կեանքին մէջ, բանտարկութեան ժամանակամիջոցը, կրնայ ունենալ միայն մէկ նպատակ, ձեռք տալ բանտարկեալներուն, վերսկսելու համար իրենց ուղեւորութիւնը ինչպէս նաեւ օգնել անոնց ընկերութեան մէջ ներմուծելու  աւելցնելով թէ բանտարկեալներուն ընկերութեան մէջ վերաներմուծումը կը նպաստէ եւ կը բարձրացնէ բովանդակ հասարակութեան մակարդակը ։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը ըսաւ` ''Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ աշխատելու, ստեղծելու  համար նոր հնարաւորութիւններ՝, բանտարկեալներուն համար ինչպէս նաեւ  անոնց ընտանիքներուն,  եւ բովանդակ  ընկերութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.