2015-09-26 10:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 10-րդ առաքելական Ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը Ֆիլատելֆիա։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սէրն է մեր առաքելութիւնը'' այս է նշանաբանը Ընտանիքներու 8-րդ Համաշխարհային հաւաքին որ սկիզբ առաւ անցեալ 22 սեպտեմբերին Ֆիլատելֆիայի մէջ եւ որ կ՛եզրափակուի 27 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գլխաւորած սուրբ պատարագի արարողութեամբ։

Նորին Սրբութեան առաքելական 10-րդ ճամբորդութեան նպատակն էր արդարեւ ընտանիքներու այս հաւաքը, առ ի պատրաստութիւն Ընտանիքի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ։

Մինչեւ Ֆիլատելֆիա ժամանումը Ֆրանչիսկոս Պապ  առաքելական ճամբորդութեան զանազան առիթներու ու հանդիպումներու ընթացքին յիշեց այս հաւաքի կարեւորութիւնը ու խնդրեց` ընկերութեան հիմնական բջիջ` Ընտանիքին համար, իրաւունքներ, պաշտպանութիւն ու աղօթք։

Ֆիլատելֆիայի մէջ կ՛եզրափակուի Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային առաքելական 10-րդ ճամբորդութեան յայտագիրը որ սկիզբ առաւ այսօր Շաբաթ 26 սեպտեմբերի առաւօտեան։

Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով Նիւ Եորքի Ժոն Ֆրերտերիք Քեննետի օդակայանէն կը մեկնի առաւօտեան ժամը 8,40-ին (Հռոմի ժամով 14,40-ին) եւ Ֆիլատելֆիայի միջազգային օդակայան կը ժամանէ տեղական ժամով 9,30-ին  (Հոմի ժամով 15,30-ին)  ուր զինք կը դիմաւորեն Ֆիլատելֆիայի Արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Ժոզէֆ Շափութ, Ֆիլատելֆիայի Քաղաքապետն ու կառավարիչը եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆիլատելֆիայի  օդակայանէն  անմիջապէս կ՛ուղղուի Ֆիլատելֆիայի Սուրբ Պետրոս – Ս. Պօղոս աթոռանիստ եկեղեցի, որուն կառուցումը աւարտած է 1864-ին։

Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մուտքին Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորեն մանուկներու երգչախումբ մը եւ մի քանի ընտանիքներ մինչ Եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած են Ֆիլատելֆիայի եւ Փենսիլվանիայէն ժամանած 2 հազար եպիսկոպոսներ եւ կղերական դասի անդամներ ու քովնտի մատրան մէջ այլ 500 հաւատացեալներ։

Սուրբ Պետրոս –Ս Պօղոս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Պապը կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին ժամը 12,30- (Հռոմի ժամով 18,30-ին) կը փոխադրուի Սան Քարլօ Պորրոմէօ նորընծայարան որ այս վերջին երկու օրերուն կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին բնակավայրը։

26 սեպտեմբերի յետմիջօրէի յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ 15,45-ին (Հռոմի ժամով 21,45-ին)։ Ֆրանչիսկոս Պապ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով կ՛ուղղուի ''Ազգային Ազատութեան Պատմական հրապարակ'' որ կը ներկայացնէ Ֆիլատելֆիայի յատկանշական վայրը տրուած ըլլալով որ անոր շուրջ կամ մօտիկ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու ''անկախութեան պատերազմը'' խորհրդանշող կարեւորագոյն կառոյցները` ''Indipendence Hall'' եւ ''Liberty Bell centre'', առաջինը այն վայրն է ուր 1753-ին տեղի ունեցան Հաւաքական  բանավէճերը եւ ապա անկախութեան հռչակումը` 4 յուլիս 1776-ին ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ստեղծումը 1787ին։

Մինչ ''Liberty Bell '' ազատութեան զանգակը անկախութեան խորհրդանիշերէն մին է որ կը ծառայեր հաւաքի կանչելու օրէնսդիրները եւ կամ քաղաքացիներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելու որոշ նիւթերու շուրջ։

Տեղական ժամով 16,30-ի (Հռոմի ժամով 22,30-ին) ''Ազգային Ազատութեան Պատմական հրապարակին վրայ, Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ, տեղի կ՛ունենայ ''Կրօնական ազատութեան'' հանդիպում` մասնակցութեամբ սպանացի եւ այլ գաղթական հասարակութիւններուն, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն կ՛ուղղէ իր պատգամը։

Հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը վերադառնայ Սան Քարլօ Պորրոմէօ նորընծայարան որտեղէն ապա` տեղական ժամով  18-45ին (Հռոմի ժամով 00.45-ին), կ՛ուղղուի Ֆիլատելֆիայի Պէնժամին Ֆրանքլին հանրային հրապարակ ուր քահանայապետական բացօթեայ սպիտակ ինքնաշարժով շրջան կը կատարէ, ողջունելով այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ընտանիքները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` ''Ընտանիքներու 8-րդ համաշխարհային օրուան'' առթիւ կազմակերպուած ''Ընտանիքներու տօնախմբութեան աղօթքի հսկումին''։

Աղօթքի Հսկումը սկիզբ կ՛առնէ Ֆիլատելֆիայի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Շափութի բարի գալուստի խօսքով ապա տեղի կ՛ունենան հոգեւոր երգեցողութիւններ, սուրբ գրային ընթերցումներ եւ վկայութիւններ որոնց աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր սրտի խօսքը կ՛ուղղէ ներկաներուն, հուսկ` Հայր Մեր աղօթքով ու առաքելական օրհնութեամբ կ՛եզրափակէ հանդիպումը ու վերադարձ կը կատարէ Ֆիլատելֆիայի մէջ իր բնակարանը հանդիսացող Սան Քարլօ Պորրոմէօ նորընծայարան, վերջ տալով առաքելական ճամբորդութեան վերջընթեր օրուայ յայտագրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.