2015-09-26 10:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Պրուքլինի մէջ կ՝այցելէ Թագուհի Հրեշտակաց մանուկներուն դպրոցը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 25 սեպտեմբերին, Պրուքլին մէջ տեղական ժամով յետմիջօրէին 3.45ին (Հռոմի ժամով 21.45-ին), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ այցելեց Պրուքլինի Տիրամօր Թագուհի Հրեշտակաց դպրոցը ուր ջերմ ընդունելութիւն գտաւ դպրոցի տեսչական վարչութեան եւ գաղթական մանուկներուն կողմէ։

Նշենք, թէ Թագուհի Հրեշտակաց Տիրամօր դպրոցը  յաճախուած է 5էն -14 տարեկան 282 մանուկներէ, որոնցմէ 69 առ հարիւրի նիւթական ծախսերը կը հոգան` բարերարները։

Մանուկներու մեծամասնութիւնը Միջին Արեւելքէն, Լատին Ամերիկայէն եւ Ափրիկէէն գաղթող  ընտանիքներու զաւակներ են եւ կ՝ապրին նիւթական մեծ տագնապի մէջ։

Դպրոցի հիմնարկութեան  նախագահի  ողջոյնի խօսքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ուղղեց սրտի պատգամը  որուն մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց  ունեցած այս հանդիպումին համար՝ ընտանիքի մը հետ որուն անդամները իրար զիրար կ՝օգնեն։

՝՝Դիւրին չէ նոր  տունի մը մէջ հանդիպիլ՝ նոր դրացիներու , բարեկամներուն հետ,   ինչպէս նաեւ  համակերպիլ նոր լեզուի, մշակոյթի եւ միջավայրի։

 Բարի իրողութիւն մըն է, որ կը հանդիպինք  անձերու, որոնք  դռները բաց կը պահեն մեզ ընդունելու համար եւ անկարելին կ՝ընեն , որպէսզի  մեզի զգացնել տան,   թէ երկրորդ տունի մը մէջ կը գտնուինք եւ այս մէկը անհրաժեշտ է անհատներուն ընտանիքներուն եւ ուսուցիչներուն համար, այսպէսով դպրոցը բոլորին համար կը դառնայ մեծ ընտանիք մը ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա  յիշեց  Մարթին Լութեր Քինքկի խօսքերը՝ հաւասարութեան  անհրաժեշտութեան մասին , հնարաւորութիններու, կարելիութիւններու եւ դաստիարակչութեան  դերի մասին յարելով, ''այսպէսով  յառաջ կ՝ընթանանք՝ առանց յուսալքուելու, բացուելով ամէն հնարաւորութիւններու դիմաց։ Այսպէսով կը  հզօրանայ  ուրախութիւնը։ Բարեկամներ, ուսուցիչները,  եւ իրարու նեցուկ կանգնող մարդիկ իրարու կը հանդիպին։ Ուր կայ ուրախութիւն՝ հոն կայ Յիսուս –ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը աւարտեց մանուկներուն   պարտականութիւն մը տալով  ՝ որ իրենց տուներուն մէջ յատուկէն  աղօթեն Իրեն համար։

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.