2015-09-26 13:23:00

''Ֆրանչիսկոս Պապ ՄԱԿ-ին մէջ խօսեցաւ հեղինակութեամբ''ըսաւ Հայր Լոմպարտի


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 26 սեպտեմբերին, Սուրբ Աթոռի  մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, Վատիկանի Ռատիօ կայանի  հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Պապին` 26 սեպտեմբերի  հանդիպումներուն  եզրակացութիւնը։

Անդրադառնալով Նորին Սրբութեան ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ ունեցած ելոյթի մասին, Հայր Լոմպարտի յայտնեց թէ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ  աշխարհը  յուզող հարցերու շուրջ, հակամարտութիւնները որոնք ցաւ կը պատճառեն բազմաթիւ մարդոց, կիներուն եւ մանուկներուն, անարդարութիւնները եւ մարդ անհատի իրաւունքներու պակասը` ինչպէս բնակարանը, կերակուրը եւ աշխատանքը։

Հայր Լոմպարտիի գնահատումով այդ ելոյթին գերակշռող նիւթը հանդիսացաւ  խաղաղութիւնը որուն մասին Ֆրանչիսկոս Պապ արտայայտեց հեղինակաւոր, համարձակ ու վստահելի խօսքեր­, որոնք ունկնդրուեցան մեծ ուշադրութեամբ եւ յարգանքով։

Քահանայապետը ապա խօսեցաւ շօշափելի  յանձնառումի կարեւորութեան մասին, որ չի կրնար յանգիլ լոկ ''խօսքերու'' վրայ,  այլ պէտք են նաեւ ի գործ դրուի։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ Կենսոլորտի պահպանման ի սպաս  յանձնառումի մասին, Հիւլէական զէնքերու զինաթափման հրամայականին, օրինակ բերելով վերջերս Իրանի հետ գոյացած համաձայնութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ  բնութեան կարեւորութեան մասին, անդրադարձաւ գաղթականներուն եւ փոքրամասնութիւններու մասին որոնք բռնութիւններու ենթարկուած են, յատուկէն Միջին Արեւելքի մէջ։ 

Ֆրանիչսկոս Պապ անդրադարձաւ ապա աղքատութեան եւ անոնց դէմ գործադրուած անարդարութեան մասին շեշտելով անոնց իրաւունքները ըսաւ Հայրը Լոմպարտին մատնանշելով թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կը շեշտէ չի  բաւարարուիլ  գաղափարական բանավէճերով ու մարդկային անձերը թիւ համարելով, այլ հարկ է անոնց մտածել որպէս շօշափելի անձեր, մեր եղբայրներն ու քոյրերը, ու խթանել կառավարիչներու պատասխանատուութիւնը ու յիշեց ել  թէ մարդիկը անոնցմէ կը սպասեն յանձնառում ու պատասխան` կեանքի հարցերուն։

Խօսելով Կռաուտ  Զիրօ համալիրի մէջ տեղի ունեցած միջ- կրօնական հանդիպումի մասին, Հայր Լոմպարտի հաստատեց թէ այնտեղ բացայայտուեցաւ  Աստուծոյ հաւատացող բոլոր հաւատացեալներու միասնական յանձնառումը ի սպաս խաղաղութեան։

Հայր Լոպմարտի ապա յայտնեց թէ, ահաբեկչութեան թիրախ դարձած ընտանիքներու հետ  Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը, ատելութիւնն ու ոխը վերածեց մեծ սիրոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.