2015-09-26 17:30:00

Ֆիլատելֆիայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կղերական դասին հետ սուրբ պատարագ։


''Եկեղեցին՝ իր առաքելութեան համար կարիքն ունի աշխարհականներու աւելի ուժեղ մասնակցութեան''

(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 26 սեպտեմբերին առաւօտեան ժամը 10,30-ին (Հռոմի ժամով 16,30-ին) Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆիլատելֆիայի Սուրբ Պետրոս – Ս. Պօղոս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Ֆիլատելֆիայի եւ Փենսիլվանիայի կղերական դասին մասնակցութեամբ մատույց Սուրբ պատարագի զոհը­, որուն ներկայ էին նաեւ այլ 500 հաւատացեալներ։

 Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց տաճարին յայտնելով թէ  ''Ֆիլատելֆիայի մայր տաճարը կը յիշեցնէ սերունդներու պատմութիւնը. պատմութիւնը այն առաջին անձերուն, որոնք հասած էին այստեղ՝ տաճարը կառուցելու։ Կառուցելու՝ ոչ միայն պատերը, այլ նաեւ ծիսական, դաստիարակչական եւ սիրոյ համայնքը։ Շնորհիւ քահանաներու, կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու եւ աշխարհականներու ջանքերուն՝ երկու դարէ ի վեր՝ բազմաթիւ ժողովրդապետական եկեղեցիներ կ՛աշխատին ընդառաջել ժողովուրդի, գաղթականներու, աղքատներու, հիւանդներու եւ բանտարկեալներու հոգեւոր պահանջքներուն։ Հարիւրաւոր դպրոցներ գոյութիւն ունին, ուր կրօնաւոր եղբայրներ եւ քոյրեր երեխաներուն սորվեցուցած են կարդալ եւ գրել, զԱստուած եւ ընկերը սիրել, եւ իբր բարի քաղաքացիներ նպաստել Միացեալ Նահանգներու ընկերային կեանքին։

Սրբազան Պապը յատուկ կերպով յիշեց Սրբուհի Քաթալին Տրեքսըլը, որ առաքելական մեծ ջանքերով պատասխանած էր Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետի հարցումին՝ «իսկ դու՞ն. ի՞նչ կ՛ուզես ընել»։

Այսօր նաեւ կը գտնուինք այս հարցադրանքին դիմաց -  ըսաւ Քահանայապետը- յայտնելով թէ  ''Խորքին մէջ, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ՝ մկրտութեան արժանիքով, կոչուած է առաքելութեան''։ Պէտք է մենք մեզի հարց տանք, թէ արդեօք մեր ժողովրդապետութիւնները կ՛օգնե՞ն. արդեօք անոնք այս հարցին եւ անոր պատասխանին համար պատշաճ տարածքը կը ստեղծե՞ն։

Այսօրուան Եկեղեցւոյ մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկն է անհատական պատասխանատուութեան եւ առաքելական հոգիի վերազարթնումը՝ ըլլալ թթխմոր մեր աշխարհին համար։ Չեն բաւեր լաւ կազմակերպուած կառոյցները։ Հարկաւոր է ունենալ ուրախութեան հոգին մեր կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին մէջ՝ հիմնուած Սուրբ Աւետարանի վրայ։ Հարկաւոր է ըլլալ ստեղծագործ՝ յարմարիլ կարենալու համար պարագաներու փոփոխութեան, եւ փոխանցելու համար անցեալի ժառանգը։

Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետը հարցը տուած էր աշխարհական կնոջ մը։ Այսօր, Եկեղեցին՝ իր առաքելութեան համար կարիքն ունի աշխարհականներու աւելի ուժեղ մասնակցութեան։

ԱՄՆի Եկեղեցին միշտ գործունեայ եղած է դաստիարակչական եւ քրիստոնէականի ուսուցման մարզէն ներս։ Պէտք է կարելին ընել՝ տալու համար հաստատուն կազմաւորում մը՝ համագործակցութեան եւ ծրագրման հոգիով՝ ըլլա՛յ ժողովրդապետութիւններու եւ կամ հաստատութիւններու մէջ։ Պէտք է ճանչնալ եւ զանազանել բազմաթիւ շնորհքները, որոնք Սուրբ Հոգին տուած է հաւատացեալներուն. պէտք է գնահատել աշխարհական կիներու եւ կրօնաւորուհիներու նպաստը՝ մեր համայնքներու կեանքէն ներս։

Ընտանիքներու միջազգային հանդիպումը մեզ կը մղէ խորհրդածելու յատկապէս ընտանիքներու մատուցուած ծառայութեան, ամուսնութեան պատրաստութեան, ընտանիքներուն մատուցուած օգնութեան մասին՝ որպէսզի անոնք կարենան հաւատքի ճամբէն ընթանալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.