ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կը կարեւորէ հայութեան ամբողջ ներուժի օգտագործումը միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման համար: «Սփիւռքում գործող մեր կառոյցները, ակտիւիստներն ամէն մէկն իր երկրում պէտք է կարողանան ճնշում գործադրել տուեալ երկրի իշխանութիւնների վրայ, որպէսզի իրենց խօսքն ասեն, միջամտեն այն ամէնին, ինչ փորձում է անել Ալիեւը»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է նախարարը:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` ան յիշեցուցած է, որ երբ 2014 թուականի Սեպտեմբեր 15-20ին տարբեր երկիրներու հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներ հաւաքուած էին եւ կ՛որոշէին առաջնահերթութիւնները, անոնցմէ մէկը Արցախեան հիմնահարցին կը վերաբերէր: «Ոչ միայն Հայաստանի, այլ ողջ հայ ազգի խնդիրն է դա: Սփիւռքեան կառոյցները սահմանային լարուածութեան դէպքերում ցոյցերով, ճնշումներով փորձում է այդ երկրների իշխանութիւններին մասնակից դարձնել այդ գործընթացին»,- նշած է Հրանոյշ Յակոբեան` աւելցնելով, որ Ատրպէյճանը սահմանին լարուած վիճակ կը ստեղծէ` փորձելով վնաս հասցնել Հայաստանի զբօսաշրջութեան, տնտեսութեան, վախցնել սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն բերքահաւաքի այս ժամանակահատուածին:
«Ալիեւն անընդհատ փորձում է ձեւեր գտնել` ի վնաս մեր Հանրապետութեան: Մենք արժանի հակահարուած ենք տալիս, մեր բանակն իր տեղում է, բանակի ոգին, հնարաւորութիւններն այնպիսին են, որ երբեք չպէտք է մտածենք, որ մեր բանակը կարող է զիջել, հակահարուած չտալ»,- ըսած է նախարարը:
Յիշեցնենք, որ հակառակորդի կրակոցներէն Տաւուշի մարզի Բերդաւան համայնքին մէջ Սեպտեմբեր 24-ին զոհուած է 2 քաղաքացի, 2-ը` վիրաւորուած: Զոհուած քաղաքացիներն են`1974 թուականին ծնած Սոնա Ռեւազեանը եւ 1921-ին ծնած Շուշան Ասատրեանը: Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Տաւուշի մէկ այլ սահմանամերձ` Պառաւաքար համայնքին մէջ հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է 83-ամեայ Պայծառ Աղաջանեանը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |