2015-09-25 18:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Նիւ Եորքի ՝՝Ground Zero՝՝ յուշահամալիրին մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) 11 սեպտեմբեր 2011-ին, Նիւ Եորքի ժամով առաւօտեան 8.48-ին, Ամերիքըն Էրլայնզ ընկերութեան պատկանող երկու քաղաքացիական օդանաւեր, խուժեցին Նիւ Եորքի ամենէն բարձր համարուած զոյգ աշտարակներուն վրայ, պատճառ դառնալով հազարաւոր մարդոց կեանքին եւ ահ ու սարսափի մատնելով համայն աշխարհը։

Սոյն ահաբեկչութեան թիրախ դարձած եւ փլուզումի ենթարկուած զոյգ աշտարակներուն տեղ, կառուցուեցաւ անմեղ հոգիներու յիշատակը յաւերժացնող ՝՝Կրաունտ Զիրօ՝՝ յուշահամալիրը։

Արժանի է յիշել յուշահամալիրի մէջ գտնուող երկու արուեսական ջրվէժները, որոնք ներշնչումի աղբիւր հանդիսացան Ֆրանչիսկոս Պապին, ուրբաթ 28 սեպտեմբերին, յուշահամալիրին կատարած այցելութեան ծիրէն ներս Միջ-Կրօնական հանդիպումի ընթացքին արտասանած պատգամին։

Ֆրանչիկսոս Պապ, այս առթիւ ըսաւ՝ «Հոս գտնուիլս, իմ մէջս կ՝արթնցնէ յուզումի զգացումներ, ուր խլուեցան հազարաւոր անմեղներու կեանքեր՝ տհաճ ահաբեկիչ կործանումէն։ Հոս՝ վիշտը ակնյայտ է ։

Քահանայապետը ակնարկելով ջրվէժներէն դէպի կեդրոն հոսած ջուրին, ըսաւ՝ ՝՝հոսած ջուրը մեզի յիշել կու տայ բոլոր անոնց կեանքերը, որոնք կը գտնուէին այն անձերու իշխանութեան տակ, որոնք համոզուած էին թէ քանդումը միակ լուծումն է պատերազմներուն։

Լուռ աղաղակն է այն բոլորին, որոնք իրենց մարմնոյն վրայ զգացին բռնութեան, ատելութեան եւ ոխակալութեան տառապանքը։ Տրամաբանութիւն մը, որ միայն ցաւ, տառապանք, փլուզում եւ արցունք կը յառաջացնէ։

Հոսած ջուրը խորհդանիշն է նաեւ մեր արցունքին։ Երէկուայ կործանումի արցունքը, որ կը միանայ այսօրուայ փլուզումներու արտասուքին։

Հոս ՝արտասուելու վայրն է, կ՛ողբանք՝ անարդարութեան եւ եղբայրասպանութեան դիմաց անկարող գտնուելու զգացումէն յառաջացած ցաւին համար, կ՛ողբանք՝ մեր զանազանութիւնները երկխօսութեամբ լուծելու անկարողութեան դիմաց։

Հոս՝ այս վայրին մէջ, կ՝ողբանք անմեղներու անարդար եւ անտեղի կորուստը, ինչպէս նաեւ կ՝ողբանք՝ հասարակաց բարիքի լուծումներ չգտնելու անկարողութեան համար։

Այս ջուրը երէկուայ եւ այսօրուայ արցունքը յիշեցնող ջուրն է – ըսաւ   Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով պահ մը առաջ զոհերու ընտանիքներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ըսաւ՝ «անոնց մէջ կարելի է տեսնել վիշտի դիմագիծը,,, աւեցնելով՝ «սակայն անոնք ցոյց տուին ինծի ահաբեկչութեան երկրորդ երեսը, անոնց ցաւին այլ դիմագիծ մը, որ է սիրոյ եւ յիշատակի ուժականութիւնը։

Հոս՝ ցաւերուն մէջ, կրնանք ձեռքով շօշափել նաեւ հերոսական բարութեան կարողութիւնը, որուն կարող է մարդ էակը. ծածուկ պահուած ուժականութեան կարողականութիւնը, որուն ստէպ պէտք ենք դիմել։

Յոյսով լի, կը զգամ այս ցաւի եւ յիշատակի վայրին մէջ, պատեհութիւնը՝ հանդիպելու տարբեր այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք կը նպաստեն այս քաղաքի հարստութեան ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնելով` « որ մեր ներկայութիւնը՝ հզօր կամքի կարողութեան խորհրդանիշ դառնայ, բաժնեկցելու եւ վերահաստատելու համար համերաշխութեան եւ զօրակցութեան փափաքը, խաղաղութեան եւ արդարութեան իղձը՝ այս հասարակութեան եւ բովանդակ աշխարհի երկրներու մէջ։

Այսօր, բոլորս հրաւիրուած ենք կոչ ուղղելու, ըսելով՝ ''ոչ'' իւրաքանչիւր միաձեւութիւն պարտադրելու փորձին եւ ''այո''` ըսելու ընդունուած եւ համերաշխ զանազանութեան։

Այս նպատակին հասնելու համար, կարիքը կը զգանք մերժելու ոխակալութեան , եւ վրէժխնդրութեան բոլոր զգացումները։

Քաջ տեղեակ ենք, ըսաւ Սրբազան Հայրը, թէ լոկ Երկինքէն իջած պարգեւով՝ ամէն ինչ կարելի կը դառնայ։ Ապա ներկաներէն խնդրեց  պահ մը լռութիւն պահել աղօթելու համար։ ''Խնդրենք երկնքէն պարգեւը՝ յանձնառու գտնուելու խաղաղութեան ի սպաս։ Խաղաղութիւն մեր տուներուն , ընտանիքներուն եւ դպրոցներուն, մէջ։ Խաղաղութիւն այն երկիրներուն մէջ, ուր պատերազմներ դեռ չեն դադրած։ Խաղաղութիւն այս լայնածաւալ աշխարհին, որ Աստուած պարգեւեց մեզի՝ որպէս բոլորիս բնակարան ։

Այսպէսով, մեր սիրելիներու կեանքը մոռացութեան պիտի չմատնուի, այլ ներկայ պիտի գտնուի ամէն անգամ որ կը պայքարինք վերակառուցման՝ մարգարէներ դառնալու համար, մարգարէներ՝ համերաշխութեան եւ խաղաղութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.