2015-09-25 15:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապը Նիւ Եորքի մէջ ջերմ ընդունելութեան արժանացած է Հայերու կողմէ


Պատմական այցով Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Սեպտեմբեր 24-ին Նիւ Եորքի հայերը դիմաւորած են երախտագիտութիւն յայտնող պաստառներով, կը յայտնէNEWS.am-ը:

Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ «Շնորհակալութիւն, Ֆրանչիսկոս պապ, Ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտելու համար» գրութեամբ պաստառով հարիւրաւոր հայեր ողջունած են Պապը:

Հռոմի պապը հայերուն կողմէ նոյն ջերմ ընդունելութեան արժանացած է նաեւ Ուաշինկթընի մէջ, որ անոր` Սեպտեմբեր 22-ին մեկնարկած ԱՄՆ առաջին այցի առաջին կանգառն էր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.