2015-09-25 10:03:00

Տօն Սրբոյն Գէորգայ Զօրավարին


Հայ Եկեղեցին կը տօնէ անոր անմահ յիշատակը 26 Սեպտեմբերին:

Տիեզերահռչակ մեծ զօրավար և Քրիստոսի վկայ Ս. Գէորգ - որ երկրագործ կը նշանակէ - ծնած է Գ. դարուն Կապադովկիոյ Մաժակ քաղաքին մէջ (այժմ Կեսարիա) և ապրած է Դիոկղետիանոս և Մաքսիմիանոս կայսերու օրով: Մանկութիւնը անցուցած է Պաղեստինի մէջ, ուր ծնողքը բազմաթիւ կալուածներ ունէին: Ան ընդգրկեց զինուորական ասպարէզը և իր ցուցաբերած քաջութեան և հաւատարմութեան համար շուտով ստացաւ հազարապետութեան պատիւ, երբ տակաւին 30 տարեկան չկար: Ս. Գէորգ զօրավար, աւանդութեան համաձայն, պատռած է Դիոկղետիանոս կայսեր քրիստոնեաներուն դէմ հրապարակած հալածանքի հրովարտակը, հրապարակի մը վրայ կախուած տեսնելով զայն: Ս. Գէորգ իր այս արարքին համար կը ներկայանայ հռոմէական ծերակոյտին, որու առջեւ կը յայտնէ իր քրիստոնէական հաւատքը, ցոյց տալով հեթանոսական կրօնքի ստութիւնը: Աւելի ուշ Ս. Գէորգ համարձակեցաւ նոյն խոստովանութիւնը կատարել Հռոմի կայսեր առջեւ, որ բարկանալով հրամայեց ծայրագոյն տանջանքներով չարչարել զինք: Ան նահատակուեցաւ Նիկոդիմիոյ մէջ, ուր կը գտնուէր զինուորական պաշտօնով 303-ին, երբ տեսան իր անսասանութիւնը քրիստոնէական հաւատքին մէջ և արքայական մասնաւոր հրամանով գլխատուեցաւ: Ս. Գէորգ Արեւելքի և Արեւմուտքի մէջ ժողովրդականացած վկայ մըն է: Յոյները զայն «Մեծ Մարտիրոսը» կը կոչեն: Ընդհանրապէս կը ներկայացուի վիշապասպան ձիաւորի ձեւով, որ ըստ աւանդութեան՝ ան վիշապ մը սպաննելով ազատած է կոյս մը՝ որ իբր կերակուր դրուած էր վիշապին առջեւ. այդ պատկերը հաւանաբար խորհրդանշական իմաստ մը ունի, ցոյց տալու համար, Մարտիրոսին յաղթանակը չարին վրայ, զի բուն վիշապ սպաննողը Թէոդորոս զօրավարն է: Անոր վկայաբանները կը պատմեն թէ անոր մահէն ետք՝ մարմինը փոխադրուեցաւ Պաղեստին, Դիոսպոլիս կամ Ռեմլէ, ուր իր ընտանիքը շատ ծանօթ և սիրուած էր: Դիոսպոլիսի մէջ Ասորիները անոր անուան նուիրուած եկեղեցի մը ունէին, որու մէջ անոր նշխարները կը ցուցադրուէին մինջեւ ԺԳ. դար, իսկ Ռեմլէի մէջ անոր անունով ունինք եկեղեցիներ մենք, յոյները և լատինները: ԺԳ. դարէն ի վեր Ս. Գէորգ նկատուած է հովանաւոր սուրբը Անգլիոյ: Հայ Եկեղեցին կը տօնէ անոր անմահ յիշատակը 26 Սեպտեմբերին:








All the contents on this site are copyrighted ©.