2015-09-25 11:43:00

Սուրիահայ եւ Իրաքահայ հարիւրաւոր փախստականներ Գանատա կը մնան առանց կարգավիճակի։


Վերջին 5 տարուան մէջ Գանատայի մէջ բնակութիւն հաստատած է 500 սուրիահայ ընտանիք եւ 4 հազար իրաքահայ: Հարիւրաւոր այլ փախստականներ տակաւին կը սպասեն իրենց դիմումներու ընդունման գործընթացի աւարտին:

«Արմէնփրէս»ին այս մասին յայտնած է Հայ-գանատական պահպանողական ընկերութեան փոխնախագահ Սեւան Հաճինեան: Անոր խօսքով՝ հայերը կը գաղթեն Գանատա հիմնականօրէն այսպէս կոչուած Հովանաւորչական պայմանագիրներու միջոցով, որ կը նշանակէ, թէ որեւէ կազմակերպութիւն, ընտանիքի անդամ կամ ծանօթ պայմանագիրով պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ իր վրայ վերցնելու փախստականին մէկ տարուան կեցութիւնը այդ երկրին մէջ:
Գանատայի մէջ Սուրիոյ եւ Իրաքի հայ փախստականներուն աջակցութիւն կը ցուցաբերեն երեք հայկական կառոյցներ՝ «Հայ տուն»ը Մոնրէալի մէջ, Հայ համայնքի կեդրոնը եւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին՝ Թորոնթոյի։ Անոնք կ՛օգնեն կարիքաւոր ընտանիքներուն տուն վարձելու, աշխատանք եւ երեխաներու համար դպրոցներ գտնելու: Իսկ բոլորովին վերջերս Գանատայի կառավարութեան քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի վարչութիւնը յայտարարեց, որ կառավարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ 2016 Սեպտեմբեր ընդունիլ 10 հազար սուրիացի փախստական եւ մինչեւ 2015 թուականի աւարտը վերաբնակեցնել 23 հազար իրաքցիներ: Այս կերպով կառավարութիւնը 15 ամիս կանուխ պիտի աւարտէ սուրիացի փախստականներու օգնութեան ուղղուած նախագիծը, որ առաջարկած էր վարչապետ Սթեֆան Հարփըր:
2011ին՝ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն ետք շուրջ 9 միլիոն սուրիացիներ տեղահանուած են՝ գաղթելով այլ երկիրներ կամ Սուրիոյ այլ շրջաններ: ՄԱԿի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի տուեալներով՝ աւելի քան 3 միլիոն գաղթած են հարեւան երկիրներ՝ Թուրքիա, Լիբանան, Յորդանան եւ Իրաք, իսկ ընդամէնը 150 հազարը օթեւան գտած է եւրոպական երկիրներ: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տուեալներով՝ հակամարտութեան սկզիբէն ի վեր Սուրիայէն Հայաստան ժամանած են 17 հազար քաղաքացիներ, որոնք մեծ մասամբ հայեր են: 2015ի Յուլիսի դրութեամբ անոնցմէ մօտաւորապէս 13 հազարը մնացած եւ պաշտպանութիւն գտած են Հայաստանի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.