2015-09-25 09:54:00

Եւրոմիութիւնը փախստականներուն օգնելու համար մէկ միլիառ Եուրօ պիտի տրամադրէ։


Եւրոմիութեան առաջնորդներու` փախստականներու խնդրին նուիրուած պրիւքսէլեան արտահերթ գագաթաժողովի ընթացքին որոշուած է միլիոնաւոր սուրիացի փախստականներուն օգնելու նպատակով մէկ միլիառ եուրօ յատկացնել, կը հաղորդէ Euronews-ը:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Տուսք յայտարարած է, որ գումարը պիտի փոխանցուի Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութիւններուն: Տոնալտ Տուսք նաեւ տեղեկացուցած է, որ մինչեւ Նոյեմբերի վերջ Եւրոմիութեան արտաքին սահմաններուն վրայ պիտի գործեն փախստականներու ընդունման եւ արձանագրութեան կեդրոններ: Տուսքի խօսքով` դեռ օրեր առաջ հակասական թուացող այս հարցին շուրջ գագաթաժողովին համաձայնութիւն կայացուած է:

«Մեր այսօրուան բանավէճը հիմնուած էր փաստերու եւ ոչ թէ զգացումներու վրայ: Սուրիոյ մէջ այսօր կայ ութ միլիոն ներքին տեղահանուած, եւս չորս միլիոն` հարեւան երկիրներու մէջ: Միայն Սուրիայէն կրնանք ակնկալել միլիոնաւոր փախստականներ»,-  ըսած է Տուսք:

Ամէն օր հազարաւոր փախստականներ, գերազանցապէս` սուրիացիներ, կը հատեն Եւրոմիութեան սահմանները եւ փորձելով հասնիլ մայրցամաքի խորքը` ապաստան ստանալ Գերմանիոյ կամ Շուէտի մէջ: ՄԱԿ-ի տուեալներով` այս տարի Եւրոպա ներգաղթածներուն թիւը կը հասնի կէս միլիոնի: Բրիտանիա չի մասնակցիր փախստականներու տեղակայման եւրոպական ծրագրին եւ ունի զանոնք ընդունելու սեփական ծրագիրը: Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմերոն յայտարարած է, որ իր կառավարութիւնը սուրիացի փախստականներուն 100 միլիոն սթերլին լրացուցիչ օգնութիւն պիտի տրամադրէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.