2015-09-25 09:33:00

Գրիգոր Պետրոս Ի․Կաթողիկոս Պատրիարքը Պատարագեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ


Սեպտեմբերի 24-ին, հինգշաբթի, «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցւոյ օծման արարողութենէն ետք՝ ժամը 17:00-ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Պատարագ մատուցանեց նոյն տաճարին մէջ: Սուրբ Պատարագին ներկայ էին  Վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին եւ պապական նուիրակ Մարեկ արքեպիսկոպոս Սոլչինսկին: Հոգեւոր Տիրոջ առընթերականերն էին Արհի. Տ. Գրիգոր եպս. Գուսան եւ Արհի. Տ. Միքայէլ եպս. Մուրատեանը, սարկաւագի ծառայութիւնը կը կատարէրԿիւմրիի ժողովրդապետ Հ. Պետրոս վրդ. Եսայեանը: Ներկայ էին հայ կաթողիկէ վարդապետներն ու քահանաները՝ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանի գլխավորութեամբ:

Մայր տաճարին մէջ համախմբուած հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը լսեց Վսեմաշուք Կարդինալ Սանտրիի խօսքը՝ թարգմանութեամբ Գերյ. Մեսրոպ թ.ծ.վ. Սիւլահեանի.

«Մեծ հաճոյքով վերադարձած եմ Հայաստան, ուրախ եմ, որ ճամբորդութեանս առաջին հանգրուանը այս հրաշալի Մայր Տաճարի օծումն է, որուն հիմնադրութեան ականատես եղայ՝ որպէս Նախագահ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի, 2012-ին: Այսպիսով, ասիկա կը հանդիսանայ Մայր Եկեղեցի՝ ամբողջ թեմի՝ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներուն, իրականութիւն մը, որ Սբ. Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը կ'ուզէր կառուցանել 1991-ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ:

Վերանորոգ վստահութեան եւ յոյսի նշաններէն մէկն է  կրօնական եւ եկեղեցական պաշտամունքի ամբողջական ազատութիւնը վերստանալը, ինչպէս նաեւ՝ յարատեւ նշան՝ աւելի խոր մտերմութեան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եղբայրներուն հետ, սկսեալ այն պահէն, երբ Երջանկայիշատակ Վազգէն Վեհափառը ընդունեց Մխիթարեան կրոնաւորները, Երանելի Պօղոս Զ․ի Քահանայապետութեան ընթացքին, որպէսզի Հայաստանի կաթողիկէ հասարակութեան խնամքը ստանձնեն:

Աստուծմէ շնորհ կը խնդրենք ՝ կարողանալու շարունակել ամէն օր՝ ուրախութեան, յոյսի եւ ի Քրիստոս հարազատ եղբայրութեան ճանապարհով, ինչպէս կանխանշած էր Սբ. Յովհաննէս Պօղոս Բ․ը իր 2001-ին Հայաստան այցելութեան ժամանակ եւ ինչպէս կը ցանկայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը՝ ըստ հայ ազգի զաւակներուն հանդէպ իր սիրոյ, որ բազմիցս ցոյց տուած է իր քահանայապետութեան ընթացքին: Ֆռանչիսկոս Քահանայապետը ցանկացած էր, որ որպէս նուէր բերեմ  սկիհ մը, ինչպէս նաեւ՝ իր սրտի պատգամը, որ պիտի ընթերցուի եւ որով կ՛ուղարկէ իր օրհնութիւնները:

Սրտանց շնորհակալ եմ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայութեան համար, որուն համար կ'աղօթենք,  ինչպէս նաեւ՝ երիտասարդ հանրապետութեան համար, որ դիմագրաւած է եւ կը շարունակէ դիմագրաւել  բոլոր մարտահրաւէրները: Ի մասնաւորի, կ'ուզէի Սուրբ Աթոռի շնորհակալութիւնները յայտնել Հայաստանի իշխանություններուն, որ Հայաստանի մէջ ապաստան կու տան սուրիացիներուն:

Այն եպիսկոպոսներուն, որոնք ներկայացուցին  Ն.Ս. Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Կաթողիկոսը, կը խնդրեմ խաղաղութեան ողջոյն ուղարկել Վեհափառին՝ որպէս երախտագիտութիւն իր մաղթանքներուն եւ բարեացակամութեան համար: Կը վստահեցնենք ձեզ, որ մեր հասարակութիւնը կը միանայ Սուրբ Հոգիի կոչման, որպէսզի իջնէ եւ սրբագործէ միւռոնը առաջիկայ կիրակի օրը տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքի արարողութեան ժամանակ:

Այն ցաւալի դեպքերէն յետոյ, որ բաժին ինկաւ հայ, սուրիացի և քաղդէացի ժողովուրդներուն  դար մը առաջ,  հայ հեղինակ մը գրած է այս բաւական խորքային խօսքերը.

«Ամենուրեք շնչում եմ Կենդանի Աստուծոյ շունչը,

Ամէն տեղ լսում եմ Իր կոչը, որ չի կորում,

Իր ձայնը, որ հնչում է,

Տիեզերքի խոր ներդաշնակութիւնն է եւ

Մրմունջը, որ ազնուացնում է եւ բարձրացնում հոգիս ու դարձնում պատրաստ՝ լսելու»:

Հովհանենս Թումանյան, Ռեքվիեմ:

Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը շատ յատկանշական է: Այս իրականութիւնը Աստուծոյ կողմէ Իր Ներկայութեան նշանն է: Այն, որ ստեղծուած է, կը դառնայ նշան եւ կոչ այն բանի, որ անստեղծ է: Այս ձեւով բոլոր անոնք, որոնք կը  հաւաքուին  Աստուծոյ տաճարին մէջ, իրենց հերթին կը դառնան Աստուծոյ տաճար՝ սուրբ և հաճոյ Աստուծոյ: Եկեղեցին՝ որպէս կառոյց, աստուածայայտնութիւնն է քարաշէն կենդանի Եկեղեցւոյ:

Ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ կենդանի քարեր.

Կը նշանակէ յատկապէս ամուր կառչած մնալ անոր, որ է անկիւնաքարը՝ Քրիստոս՝ Խաչեալ եւ Յարուցեալ:

Ասիկա մեզի կու տայ ժայռի զորութեան եւ դիմացկունութեան կայունութիւնը:  Կենդանի ենք, որովհետեւ կ՛ապրինք  Հոգիին մէջ Իր նոյն կեանքը մկրտութենէն սկսեալ սկսյալ եղած ենք  արգանդը Աստուծոյ Որդիի կեանքի վերածնութեան: Կը սիրենք այնպէս, ինչպէս Քրիստոս սիրեց, կը նուիրենք մենք զմեզ, ոչինչ մեզի կը պահենք, կը փափաքինք Աստուծոյ ներկայութեան մշտական գալուստը մեր մէջ եւ կը համագործակցինք մեր կեանքով՝ սպասելով Տիրոջ ամբողջական յայտնութեան:

Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ կարողացած է իր հաւատքի գանձը պահպանել, նոյնիսկ անաստուածութեան իշխանութեան ժամանակ, երբ կ՛ուզէին հաւատքը փոխարինել պետութեամբ, սակայն Աստուծոյ Աւետարանը կենդանի մնաց, իսկ միւս բոլորը փուլ եկան…»:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Վսեմաշուք Կարդինալը Արհի. Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանին նուիրեց Սրբազան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նուէրը՝  մետալ մը, որուն վրայ գրուած է.«Քրիստոսի սէրը կը կրենք մեր սրտերուն մէջ», ինչպէս նաեւ՝ ծրարով դրամական օգնութիւն՝ առաջնորդութեան կարիքները հոգալու համար, ինչպէս ըսաւ Կարդինալը: Իր հերթին Ռաֆայէլ Սրբազանը Կարդինալին նուիրեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ Սբ. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեանի» մէկ օրինակ: Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Վսեմաշուք Կարդինալին՝ առաջնորդութեան գործերուն «պահապան հրեշտակի» նման մշտապէս օժանդակելու համար, ինչպէս արտայայտուեցաւ Սրբազանը:

Նուէրներու փոխանակումէն յետոյ, շարականներու հնչիւններու ուղեկցութեամբ, Հոգեւոր Տէրը, Վսեմաշուք Կարդինալը եւ հոգեւորականներու ամբողջ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճարի յետնամասին տեղադրուած խաչքարը, որ Զմմառի միաբաններու նուէրն է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիին: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ Վսեմաշուք Կարդինալ Սանտրին օրհնեցին եւ օծեցին խաչքարը:

Քաղուած http://www.armenianchurchco.com/ կայքէջէն








All the contents on this site are copyrighted ©.