2015-09-25 09:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ, Կռաունտ Զիրօ ապա Պրուքլին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 24 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը  17-ին  (Հռոմի ժամով 23,00), Նորին Սրբութիւնը ժամանեց Նիւ Եորք` ապա տեղական ժամով 18.45-ին (Հռոմի ժամով 25 սեպտեմբեր 00.45-ին) Մանհաթընի Սէն Փաթրիք աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց Ժամասացութեան արարողութիւն մասնակցութեամբ կղերական դասին։

Իսկ այսօր` 25 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան Նիւ Եորքի յայտագիրը կը նախատեսէ երեք կարեւոր հանգրուաններ որոնց առաջինը կը հանդիսանայ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղին, ուր Սրբազան Պապը կը ժամանէ տեղական ժամով առաւօտեան 8,30-ին (Հռոմի ժամով 14,30-ին) ու կը դիմաւորուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար` Պան Քի Մունի ու անոր կողակիցին կողմէ մինչ  երկու մանուկներ անոր կը նուիրեն ծաղկեփունջ մը։

Նորին Սրբութիւնը եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կը բարձրանան հաստատութեան կեդրոնի 38-րդ յարկ ուր առանձնական հանդիպում կ՛ունենան որուն կը յաջորդէ երկու պատուիրակութիւններու  ներկայացում, նուէրներու փոխանակում եւ Ոսկեմատեանի ստորագրութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա կ՛ուղղուի ՄԱԿ-ի կեդրոնական գաւիթ ուր կը հանդիպի ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներուն ու անձնակազմին հետ անոնց ուղղելով ճառ մը։

ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներուն հետ ունեցած հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի նահատակ պաշտօնեաներու նուիրուած յուշակոթողին մօտ ուր կը զետեղէ ծաղկեփունջ մը, ապա յաջորդաբար  առանձնական  հանդիպումներ կ՛ունենայ ՄԱԿ-ի 69-րդ եւ 70-րդ Լիանիստ գումարի նախագահներուն հետ, տրուած ըլլալով որ այս օրերուն վերջ կը գտնէ 69-րդ հաւաքը եւ սկիզբ կ՛առնէ 70-րդը, Սրբազան Հայրը հուսկ կը հանդիպի ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի Ռուս նախագահ Տիար Վիթալի Չիւրքինի հետ։ Այս հանդիպումներու աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի ՄԱԿ-ի պաշտօնական դահլիճ հանդիպելու համար Միացեալ ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ ու անոնց ուղղելու ճառ մը։

Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիսանայ չորրոդ Քահանայապետը որ խօսք կ՛առնէ ՄԱԿ-ի առջեւ։ Առաջինը եղած է Պօղոս Զ ապա անոր յաջորդած են Սուր Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ։

ՄԱԿ-ի տուած պաշտօնական այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Նիւ Եորքի ''Կռաունտ Զիրօ''  յուշահամալիր ուր տեղի կ՛ունենայ Միջ- Կրօնական հանդիպում։

Հանդիպումը սկիզբ կ՛առնէ ծաղկեփունջի մը զետեղումով` 11 սեպտեմբերի արարքին զոհուածներու յիշատակին։ Քահանայապետը ապա կ՛ողջունէ զոհուածներու 20 հարազատներ հուսկ կ՛ուղղուի յուշահամալիրի կեդրոնական սրահ ուր զինք կը դիմաւորեն զանազան կրօնները ներկայացնող 12 կրօնապետեր։  Խօսք կ՛առնէ Նիւ Եորքի Արքեպիսկոպոսը կարդինալ Տոլան, Նիւ Եորքի Րաբունապետը եւ Իմամը ապա Քահանայապետը կ՛արտասանէ խաղաղութեան նուիրուած աղօթք մը որուն կը յաջորդեն` Ինտու, Պուտտայական, Սիխ, Քրիստոնեայ եւ Մահմետական խորհրդածութիւններ, հուսկ Հրէերէն լեզուով ննջեցեալներուն նուիրուած աղօթք ։

Սոյն արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսքը կ՛ուղղէ ներկաներուն։

''Կռաունտ Զիրոյի'' մէջ տեղի ունեցող միջ-կրօնաւորական հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Պրուքլին ուր` Հրեշտակներու Թագուհի Տիրամայր դպրոցին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Նիւ Եորքի գաղթական ընտանիքներու եւ մանուկներու հետ անոնց ուղղելով սրտի խօսքը։

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան Նիւ Եորքի յայտագիրը վերջ կը գնտէ երեկոյեան ժամը 6-ին (Հռոմի ժամով 00,00) Մէտիզոն Սքուէր Կարտէն մարզադաշտին մէջ, խաղաղութեան եւ արդարութեան համար  մատուցած սուրբ պատարագով։








All the contents on this site are copyrighted ©.