2015-09-24 17:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատմական ելոյթը ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Լիանիստ գումարին ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) 24 սեպտեմբեր 2015-ին առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին ու Քոնկրէսի լիանիստ գումարին առթիւ երկարաշունչ պատգամ մը ուղղեց այնտեղ համախմբուած քոնկրէսականներուն։

Իր պատգամին մէջ Սրբազան Պապը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն տրուած առիթին համար որպէս ''այս լայնածաւալ ցամաքամասին զաւակ''։

''Որոշ ազգի իւրաքանչիւր զաւակ ունի անձնական եւ հասարակական առաքելութիւն եւ պատասխանատուութիւն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու շարունակեց ''Որպէս Քոնկրէսականներ, ձեր օրէնսդրական գործունէութեան շնորհիւ,  կանչուած էք պաշտպանելու եւ երաշխաւորելու ձեր հայրենակիցներուն արժանապատուութիւնը հետապնդելով հասարակաց բարիքը որ է ամէն մէկ քաղաքականութեան նպատակ''։

''Քաղաքական ընկերութիւնը կը գոյատեւէ երբ կը ջանայ խթանել իր բոլոր ադամներուն կարիքները յատկապէս անոնցը որոնք աւելի դիւրաբեկ իրավիճակի մէջ կ՛ապրին'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ու մատնանշեց Մովսէս Մարգարէի պատկերին, որպէս օրէնսդիր Իսրայէլի ժողովուրդին եւ որպէս առաջնորդ դէպի Աստուած։

Ձեզմէ կը պահանջուի, ըսաւ Պապը, օրէնքի գործիքներով, պաշտպանել իւրաքանչիւր անհատի դէմքին վրայ ձեւաւորուած Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը։

Քահանայապետը հուսկ յայտնեց թէ Քոնկրէսականներուն միջոցաւ ինք կ՛ուզէ խօսքը ուղղել  Միացեալ Նահանգներու համայն ժողովուրդին, երկխօսութիւն հաստատել այն այրերուն եւ կիներուն հետ որոնք առօրեային մէջ կը փորձեն աւելի լաւ ապագայ մը ապահովել իրենց ընտանիքներուն։ Երկխօսութիւն հաստատել տարեցներուն հետ որոնք իմաստութեան շտեմարաններ են, եւ որոնք կը ջանան իրենց սատարը տալ ընկերութեան ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն հաստատել երիտասարդներուն հետ որոնք յանձնառու են իրագործելու իրենց ձգտումները։

''Այս երկխօսութիւնը  կ՛ուզեմ կատարել ձեր ժողովուրդին պատմական յիշողութեան ընդմէջէն'' ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ իր այս ճամբորդութիւնը կը զուգադիպի Ամերիկացի նշանաւոր անձնաւորութիւններու յոբելենական տօնախմբութեան։ Այրեր եւ կիներ որոնք հակառակ իրենց տարբերութիւններուն ու իրենց մարդկային սահմանափակ կարողութիւններուն իրենց ժրաջան աշխատանքով կարողացան հիմնել աւելի լաւ ապագայ մը –  յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու յիշեց այդ անձնաւորութիւններէն չորսը. Աբրահամ Լինքոլն, Մարթին Լութեր Քինկ, Տորոթի Տէյ եւ Թոմաս Մերթոն։

Այս տարի կը նշուի` ազատութեան պահապան Նախագահ` Աբրահամ Լինքոլնի սպանութեան 50-րդ տարեդարձը, ան որ անխոնջ աշխատեցաւ որպէսզի ''այս ժողովուրդը, Աստուծոյ հովանիին տակ, կարենար վերածնիլ նոր ազատութեամբ''։ Ազատութեան ապագայ կերտելը կը պահանջէ հասարակաց բարիքի հանդէպ սէր ու համագործակցութիւն, զօրակցութեան ու կարեկցութեան հոգիով։

Այսօրուայ մեր աշխարհը միշտ աւելիով դարձած է վայր բռնաբար հակամարտութիւններու, ատելութեան եւ դաժան վայրագութիւններու, որ շատ անգամ կը գործադրուին յանուն Աստուծոյ եւ կրօնի։ Այս կը նշանակէ որ պէտք ենք ուշադրութիւն ընծայել ամէն տեսակ ծայրայեղութեան ու գտնել հաւասարակշռութիւն մը պայքարելու համար յանուն կրօնի կամ գաղափարախօսութեան իրագործուած բռնութեան ու միեւնոյն ժամանակ գործել կրօնի ազատութեան ի խնդիր ինչպէս նաեւ անձնական ու գաղափարի արտայայտութեան ազատութեան ի խնդիր։

Մեր պատասխանը  ըլլալու է պատասխան մը յոյսի, դարմանումի, խաղաղութեան եւ արդարութեան։ Քալելու ենք միասնաբար եղբայրութեան եւ զօրակցութեան նորոգուած հոգիով,  համագործակցելով ի սպաս հասարակաց բարիքին, բոլորին տրամադրութեան տակ դնելով մեր կարողութիւններն ու մեր ձիրքերը, իրարու նեցուկ կանգնելով ու յարգելով մէկը միւսին տարբերութիւնը եւ խղճի համոզումը։

Որեւէ մէկ քաղաքական գործունէութիւն պէտք է ծառայէ մարդ անհատի բարիքին ու հիմնուած ըլլայ անոր արժանապատուութեան յարգանքի վրայ – ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով Միացեալ Նահանգներու անկախութեան  հռչակագիրէն (4 յուլիս 1776-ին) խօսքեր։

Ան ապա անդրադարձաւ երկրորդ անձնաւորութեան` Մարթին Լութեր Քինկին որ 50 տարիներ առաջ  Սելմայէն Մոնկոմերի քայլարշաւ կազմակերպած էր իրագործելու համար իր երազը, Ամերիկացի Ափրիկեցիներուն շնորհել քաղաքացիական իրաւունքներ։ Այդ երազը կը շարունակէ մեզ ներշնչել, ըսաւ Սրբազան Պապը -  եւ Ամերիկան կը շարունակէ ըլլալ երազներու երկիր, միլիոնաւոր անհատներու համար որոնք դարերու հոլովոյթին ուզեցին իրենց ազատութեան երազները իրականացնել, ժամանելով այստեղ։ Մենք, այս ցամաքամասին զաւակները, վախ չունինք օտարէն որովհետեւ մեզմէ շատերը եւս  ժամանակին հոս եկած են որպէս օտարական, ու այս կ՛ըսեմ որպէս գաղթականներու զաւակ, այնպէս ինչպէս որ են` ձեզմէ շատերը։

Մեր աշխարհը դէմ յանդիման կը գտնուի գաղթականութեան աննախադէպ երեւոյթի մը դիմաց ու այս իրականութիւնը մեզ կը դնէ մեծ մարտահրաւէրներու ու ծանր որոշումներու առջեւ, դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով այդ անձերուն նայիլ որպէս մարդ էակներ, ունկնդրել անոնց պատմութիւնը ու անոնց աղաղակին պատասխանել մարդկային, արդար եւ եղբայրական մօտեցումով, այնպէս ինչպէս կը պատուիրէ Աւետարանը իր ոսկեղէն խօսքերով ` ''Ինչ որ կ՛ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ նոյնը ըրէք անոնց'' մէկ խօսքով եթէ ապահովութիւն կը փնտռենք, ապահովութիւն շնորհենք եթէ կարելիութիւններ կը փափաքինք կարելիութիւններ տանք ուրիշներուն, եթէ կեանք է մեր պահանջածը կեանք պարգեւենք ուրիշին։ Այս առնչութեամբ կարեւոր է նաեւ ''մահապատիժի'' ջնջումը ընդգծեց Սրբազան Պապը իր ամբողջական նեցուկը յայտնելով Ամերիկացի եպիսկոպոսներուն կոչին այս ուղղութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց երրորդ անձնաւորութեան` Աստուծոյ Աղախին Տորոթի Տէյին որ եղած է հիմնադրուին ''Catholic Worker Movement – Կաթողիկէ բանուորներու շարժումին'' որուն ընկերային շրջագիծէն ներս յանձնառումը, արդարութեան եւ հալածուածներու նկատմամբ սէրը ներշնչուած էին Աւետարանէն։

Աղքատութեան եւ անօթութեան դէմ պայքարը պէտք է շարունակուի զանազան ճակատներու վրայ, փնտռելով յատկապէս անոնց դրդապատճառը։

Այս առընչութեամբ ջանքերու մէկ մասը կը կայանայ հարստութիւններու արդար բաշխումի մէջ ինչպէս նաեւ բնական կենսամիջոցներու պատշաճ օգտագործումի եւ ձեռնարկատիրական ոգիին ուղիղ կողմնորոշում տալու մէջ,  սատարելու համար տնտեսութեան մը  որ ըլլայ ժամանակակից ներառական  ու կայուն։

Հասարակաց բարիքը կը նեռարէ նաեւ երկիրը որ` վերջերս հրատարակած շրջաբերական թուղթիս կեդրոնական նիւթն է, եւ որուն մէջ կոչ ուղղեցի ''փոխելու ընթացքը'' խուսափելու համար շրջակայ միջավայրի առաւել անկումի հետեւանքներէն։ Ես համոզուած եմ որ կարող ենք այս մէկը ընել ու այս ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը մեծ դեր մը ունի  կատարելիք – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ընդգծեց թէ այս է ժամանակը քաջ որոշումներու եւ ռազմավարութիւններու իրականացումին ի սպաս` ''խնամքի մշակոյթին'' ու ''ամբողջական մօտեցումին յաղթահարելու համար աղքատութիւնը, ''բացառուածներուն'' վերադարձնելու համար իրենց արժանապատուութիւնը ու միեւնոյն ժամանակ խնամելու ու հոգ տանելու կենսոլորտին։  

Մէկ դար առաջ Պենետիկտոս ԺԵ ''Անպէտք սպանդ'' որակած էր առաջին համաշխարհային պատերազմը։Այդ շրջանին աշխարհ եկաւ այլ  արտակարգ Ամերիկացի մը` Թոմաս Մերթոն կրօնաւորը,­ որ եղաւ աղօթքի եւ երկխօսութեան մարդ եւ ժողովուրդներու ու կրօններու միջեւ խաղաղութեան յանձնակատար։ Այս երկխօսութեան տեսանկիւնէն կ՛ուզեմ նայիլ այն տարուած ջանքերուն գերազանցելու համար պատմական տարբերութիւնները զօդուած անցեալի տխուր դէպքերուն։ Իմ պարտականութիւնս է կամուրջներ կառուցել եւ օգնել իւրաքանչիւր այր ու կին  միեւնոյնը կատարելու, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա հարց տուաւ ''Ինչու մահացու զէնքերը կը վաճառուին անոնց որոնք կը ծրագրեն անասելի տառապանք պատճառել անհատներու եւ հասարակութիւններու։ ու պատասխանեց` ''Ցաւօք սրտի պատասխանը, ինչպէս գիտենք, պարզապէս դրամն է։ Դրամ որ թրջուած է անմեղներու արիւնով։ Այս ամօթալի եւ մեղաւոր լռութեան դիմաց մեր պարտականութիւնն է դիմագրաւել այս հրատապ հարցը ու վերջ դնել զէնքի առեւտուրին։

Խօսքին աւարտին  Սրբազան Պապը ակնարկեց առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ հանգրուանին Ֆիլատելֆիայի մէջ ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքին փափաք յայտնելով որ իր բոլոր առաքելական ճամբորդութեանս կեդրոնական նիւթը հանդիսանայ Ընտանիքը որ այսօր  սպառնալիքի տակ է - ըսաւ Ան մատնանշելով յատկապէս  ընտանիքի անդամներէն ամենադիւրաբեկներուն` երիտասարդներուն։ Անոնց հարցերը ըլլալու են մեր հարցերը որ հարկ է դիմագրաւել միասնաբար ու անոնց համար որոնել համապատասխան լուծումներ։

Ազգ մը կարելի է մեծ համարել երբ կը պաշտպանէ ազատութիւնը ինչպէս ըրաւ Լինքոլն, երբ կը զարգացնէ մշակոյթ մը որ թոյլ կու տայ մարդոց ''երազել'' ամբողջական իրաւունք` բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար ինչպէս ըրաւ Մարթին Լութեր Քինկը. Երբ կը պայքարի արդարութեան եւ հալածուածներու ի սպաս ինչպէս ըրաւ Տորոթի Տէյը իր աշխատանքով որ է պտուղը հաւատքին որ կը դառնայ երկխօսութիւն ու կը սերմանէ խաղաղութիւն Թոմաս Մերթոնի հայեցողական ոճով։

Իմ մաղթանքս է որ այս հոգին շարունակէ աճիլ ու բազմաթիւ երիտասարդներ ժառանգեն  զայն ու ապրին երկրի մը մէջ որ բազմաթիւ անձերուն ներշնչեց երազներ։

Աստուած օրհնէ Ամերիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.