2015-09-24 15:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրը Գիւմրիի Սրբոց նահատակաց Եկեղեցւոյ օծման առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2015-ին, Գիւմրիի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սրբոց Նահատակաց Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ օծման արարողութեան առթիւ, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական հեռագիր մը ուղղած է` Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցիչ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին։

Հեռագիրին մէջ Վատիկանի Պետական քարտուղար  գրած է.

''Գիւմրիի մէջ կայացած Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Օծման  առթիւ, որուն արարողութիւնը կատարուեցաւ  ձերին  վսեմութեան եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի համանախագահութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ  իր հոգեւոր մօտիկութիւնն եւ սիրալիր  մասնակցութիւնը կը յայտնէ Հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն ու բոլոր ներկաներուն։

Սրբազան Քահանայապետը իր գոհունակութիւնը  կը յայտնէ  նախախնամական ծրագիրի իրականացման,  որ  կը պսակէ ջանքերն ու յանձնառութիւնը բոլոր անոնց որոնք տարբեր ձեւերով մասնակցեցան այս ծրագրին։

Ան կը մաղթէ որ այս գեղեցիկ ձեռնարկը սատարէ թեմի հասարակութեան վերանորոգ հոգեւոր աշխուժութեան, առաջնորդութեամբ Արհ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի, ի սպաս միշտ աւելի հաւատարիմ յարումի` Տիրոջ Յիսուսին, ու առաքելական վեհանձն  յանձնառումին, ու եղբայրական սիրոյ ճշմարիտ վկայութեան, հետեւելով սուրբ մարտիրոսներու օրինակին, որնց նուիրուած է աթոռանիստ եկեղեցին, եւ որոնք իրենց Քրիստոսի հանդէպ սէրը վկայեցին  կեանքի նուիրումով։

Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ներկայ գտնուող կրօնական եւ քաղաքական իշխանութիւնները, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եղբայրները ու հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայն հաւատացեալները, կը հայցէ, Աստուածամօր` Սուրբ Կոյս Մարիամի` հզօր բարեխօսութեամբ. Լիառատ շնորհքներ եւ երկնային մխիթարութիւն, ու սրբազան արարողութեան մասնակիցներուն կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնը։

 

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին

Նորին Սրբութեան Պետքարտուղար։

Վատիկան 24 սեպտեմբեր 2015

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.