2015-09-24 09:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը երանելի Ճունիբերօ Սերրայի սրբադասման արարողութեան ընթացքին


(Ռատիօ Վատիկան)Ֆրանչիսկոս Սբրազան Քահանայապետ, Ամերիկա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբերին, տեղական ժամով յետմիջօրէի 4.15-ին Ուաշինկթոնի Ազգային սրբավայրին մէջ նախագահեց Երանելի Ճունիբերօ Սէրրայի սրբադասման արարողութեան հանիսաւոր Սուրբ Պատարագին։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան հայրը յայտնեց թէ խորքին մէջ իւրաքանչիւր անհատ կը զգայ ուրախութեան բաղձանքը, որ հիմնուած է կեանքի ամբողջականութեան եւ ոչ թէ անցողական հաճոյքներու վրայ։

Առօրեայ կեանքի դժուարութիւններն ու պայքարները կը խաւարեն սոյն ուրախութեան փափաքը։ Պէտք է զգոյշ ըլլանք յորդորեց Ֆրանիչկսոս Պապը չիյնալու համար մերժողականութեան եւ պարտութեան իրավիճակին մէջ, որոնք կ՝առաջնորդեն դէպի սրտի զգայազրկութիւն։

Յիսուս աշխակերտներուն սորվեցուց, թէ Աւետարանի ուրախութիւնը կը պահանջէ, որ մենք մեզմէ դուրս ելլենք՝ մեր անձը նուիրել կարենալու համար։

Աւետարանի ուրախութիւնը կը փորձարկուի, կ՝ապրուի լոկ՝ մեր անձի նուիրումով։

Ուրեմն, պէտք է մէկը միւսին ծառայելու կարիքն զգալ։

Ուրիշին եւ աշխարհին հանդէպ ունինք պատասխանատուութիւնը, Յիսուսի պատգամի աւետման պարտականութիւնը, որովհետեւ , ուրախութիւնը ծնունդ կ՝առնէ ողորմութեան ընծայումի բաղձանքէն՝ որպէս արդիւնք Աստուծոյ ողորմութեան փորձառութեան ապրումին։ Քրիստոնեայի ուրախութիւնը կը փորձարկուի առաքելութեան մէջ՝ բոլոր ազգերուն քով երթալով եւ աւետելով, եւ անոնց փոխանցելով միութիւնը։

Այսպէս՝ եկեղեցին, Աստուծոյ Սուրբ ժողովուրդը կ՝ընթանայ պայքարներով լի պատմութեան մէջ, անարդարութեան եւ բռնութիւններուն ընդմէջէն, հանդիպելու եւ ծառայելու համար եղբայրներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անրադառանլով նորահռչակ Ճունէբերօ Սէրրա սուրբի մասին յարեց՝ ՝՝Ան, դուս ելլող Եկեղեցւոյ վկայ մըն է. այն եկեղեցին, որ գիտէ դուրս գալ  եւ փողոցներու մէջ երթալ, բաժնեկցելու համար Աստուծոյ համերաշխութեան քնքշութիւնը։

Սուրբ Ճունիբերօ Սէրրան գիտցաւ ապրիլ Աւետարանի ուրախութիւնը ըսելով՝՝ յառաջ ընթանանք՝՝, եւ այսպէսով , օգնութեան հասաւ շատերուն՝ չիյնալու համար սրտի զգայզարկութեան մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.