2015-09-23 09:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Ուաշինկթըն


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 22 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 16-ին. (Հռոմի ժամով 22-ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժամանեց Ուաշինկթընի զինուորական օդակայան ուր զինք դիմաւորեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Փոխ նախագահ Պայտըն։ Բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը սակայն տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի 23 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին (Հռոմի ժամով 15-ին)։

Ֆրանչիսկոս Պապին Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական այցելութեան 23 սեպտեմբերի յայտագիրը  սկիզբ կ՛առնէ Սպիտակ Տան մէջ, ժամը 9,15-ին (Հռոմի ժամով 15,15)։ Սպիտակ Տան մուտքին Ֆրանչիսկոս Պապը կը դիմաւորուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ ապա տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը ի ներկայութեան 20 հազար բարձրաստիճան հիւրերու որոնց շարքին նաեւ Միացեալ նահանգներու կարդինալական դասն ու եպիսկոպոսները։

Երկու երկիրներու քայլերգերու ներկայացումէն ետք` Միացեալ Նահանգներու նախագահը բարի գալուստի խօսքը կ՛ուղղէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին որմէ ետք Նորին սրբութիւնը կ՛արտասանէ Միացեալ Նահանգներու առաքելական ճամբորդութեան իր առաջին ճառը։

Բարի գալուստի արարողութեան աւարտին, տեղի կ՛ունենայ պատուիրակութիւններու ներկայացում ապա Սպիտակ Տան նախագահական գրասենեակին մէջ  տեղի կ՛ունենայ Նախագահին ու Պապին միջեւ առանձնական հանդիպում ու նուէրներու փոխանակում, ապա նախագահական ընտանիքին ներկայացում։ Նոյն պահուն Սպիտակ Տան այլ սրահի մը մէջ տեղի կ՛ունենայ դիւանագիտական հանդիպում մը ընդմէջ Վատիկանի եւ Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարներուն։

Սպիտակ Տան մէջ կայացած բարի գալուստի արարողութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը կը փոխադրուի  Սուրբ Մատթէոսի Աթոռանիստ Եկեղեցի, կառուցուած  1840-ին եւ աթոռանիստ եկեղեցի  հռչակուած Պիոս ԺԲ քահանայապետի կողմէ` 1947-ին։

Սուրբ Մատթէոսի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում կ՛ունենայ Միացեալ նահանգներու եպիսկոպոսներուն հետ անոնց ուղղելով սրտի խօսքը։

Հանդիպումը սկիզբ կ՛առնէ 11,30-ին (Հռոմի ժամով 17,30) աղօթքով եւ սուրբ գրային ընթերցումներով որուն կը յաջորդէ Ուաշինկթըն թեմի Արքիեպիսկոպոս` կարդինալ Վերլի բարի գալուստի զեկոյցը ապա Ֆրանչիսկոս Պապին ճառն ու օրհնութիւնը։ Հուսկ տեղի կ՛ունենայ առաքելական ճամբորդութեան ձօնուած մետալներու օրհնութիւնը եւ կարդինալներու ու եպիսկոպոսներու առանձնական հանդիպումը Քահանայապետին հետ։

Եկեղեցւոյ աւանդատան մէջ բարերարներու եւ համագործակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը` քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով կ՛ուղղուի Անարատ Յղութեան ազգային Սրբավայր ուր կը ժամանէ 15,45-ին (Հռոմի ժամով 21,45-ին) եւ ուր կը գլխաւորէ Հայր Ժունիփերօ Սերրայի սրբադասման արարողութեան Սուրբ Պատարագը որուն ընթացքին կ՛արտասանէ յաւուր պատշաճի քարոզը։

Սրբադասման արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը, աւանդատան մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Քալիֆորնիայի ''բնիկներու'' հասարակութեան` 20 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան հետ ու ապա կ՛ուղղուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անուան նորընծայարան, որուն բացումը կատարուեցաւ 2011-ին, ուր կը հանդիպի նորընծայարանի ժառանգաւորներուն հետ ու բացումը կը կատարէ ''յուշակոթողի մը''։

Սոյն այցելութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛եզրափակէ Միացեալ նահանգներ կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը ու կը վերադառնայ առաքելական նու իրակութիւն, ուր ժամը 19,15-ին` (Հռոմի ժամով 23 սեպտեմբերի  01,15) նախատեսուած է ընթրիք ու ապա հանգիստ։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.