2015-09-22 17:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սանթիակոյի ընտանիքներուն հետ հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 22 սեպտեմբեր 2015-ին առաւօտեան ժամը 11-ին (Հռոմի ժամով 17,00) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան հրաժեշտ առնելը Քուպայէն, Սանթիակօ Տէ Քուպայի աթոռանիստ ''Աւետման'' նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Քուպայի ընտանիքներուն հետ։

Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց Քուպացի ընտանիքներուն, իրենց ներկայութեան համար, հուսկ ակնարկեց սուրբ գրային ընթերցումին, քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն որ կը խօսի Կանայի հարսանիքի մասին` ''ընտանիքի մը տօնախմբութիւնը ուր  կը գտնուէր Յիսուս, Մարիամին իր մօր ու աշակերտներուն հետ մասին'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով ամուսնական կեանքի հանգրուաններուն ու այդ կեանքի դերակատարներուն եւ ընդգծելով թէ ինչպէս ''Յիսուս իր սկիզբ տուաւ իր առաքելութեան ''հարսանիքի'' մը առիթով, ընտանիքի մը մէջ։

Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Հայրը կ՛ընտրէ ընտանեկան մտերմիկ պահը, խնճոյքը, ընթրիքը, ճաշը, բաժնեկցելու համար մարդոց կեանքը եւ անոնց ցուցաբերելու Աստուծոյ անհուն սէրը։ Տուներու մէջ է որ կը սորվինք եղբայրութիւնը, զօրակցութիւնը, հոն է որ կը սորվինք ընկալել ու արժեւորել կեանքը որպէս օրհնութիւն` ուր ամէն մին` յառաջ ընդանալու համար պէտք ունի ուրիշին։ Տունին մէջ կը փորձարկենք ապա ներողամտութիւնը ու կանչուած ենք յաճախ ներելու։ Ասոր համար է որ քրիստոնեայ հասարակութիւնը Ընտանիքը կը կոչէ ''տնային եկեղեցի'',  որովհետեւ այդտեղ է որ անհատները կը սկսին հասկնալ Աստուծոյ գործօն եւ շօշափելի սէրը։

Նորին Սրբութիւնը ապա կ՛ակնարկէ թէ ինչպէս շատ մը մշակոյթներու մէջ այս միասնական եւ հասարակական ընտանեկան կեանքի պահերը անհետացումի կը մատնուին։ 

Ընտանիքը մարդկայնութեան դպրոց մըն է որ կը սորվեցնէ սիրտը զետեղել ուրիշին կարիքներուն ի սպաս ու ըլլալ ուշադիր կեանքին եւ ուրիշներուն։

''Ընտանիքները հարց մը չեն, այլ հնարաւորութիւն։ Հնարաւորութիւն մը որ պէտք ենք խնամել, պահպանել եւ առաջնորդել որպէսզի մեր զաւակներուն փոխանցենք ընկերութիւն մը լի ընտանիքներով որ մարդկայնութեան իսկական կեդրոններ են'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ խօսքին աւարտին ակնարկեց Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի կարեւորութեան ըսելով ''Յիսուս, ուզեց իր յիշատակը յիշատակել ընթրիքով մը։ Սուրբ Հաղորդութիւնը Յիսուսի ընտանիքի ընթրիքն է ուր ամէնքը կը համախմբուին  ունկնդրելու Անոր Խօսքերը եւ սնունդ առնելու Անոր Մարմինէն։ Յիսուս կեանքի հացն է մեր ընտանիքներուն համար ուր կ՛ուզէ միշտ ներկայ գտնուիլ, մեզ սնուցանելով իր սիրով, թիկունք կանգնելով իր հաւատքով ու մեզի օգնելով քալելու իր յոյսով, որպէսզի կարենանք փորձարկել թէ Ինքն է իսկական Հացը որ իջաւ երկինքէն։

Ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց թէ մօտ օրէն պիտի մասնակցի Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաքին, ու մի քանի օր ետք տեղի պիտի ունենայ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը նուիրուած ընտանիքին։ Ձեզ կը հրաւիրեմ յատուկօրէն աղօթելու այս երկու ձեռնարկներուն դիտաւորութեան, որպէսզի գիտնանք խնամք տանիլ ընտանիքին ու կարենանք վերագտնել Էմմանուէլը, Աստուած որ կ՛ապրի իր ժողովուրդին մէջ, ընտանիքները դարձնելով իր բնակավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.