2015-09-22 21:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրներն ու թուիթը Քուպայէն Ուաշինկթըն թռիչքի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի 22 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, հրաժեշտ առնելով Սանթիակօ Տէ Քուպայէն մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, սաւառնելով Քուպայի, Պահամասի կղզիներու եւ Միացեալ Նահանգներու օդային տարածքին վրայէն։

Սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիրեր ուղղեց այդ երկիրներու իշխանութիւններուն։

Քուպայի նախագահ` Ռաուլ Քասթրոյին  ուղղած հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց իր երախտագիտութեան  անկեղծ զգացումները յայտնել նախագահին ու Քուպայի համայն ժողովուրդին իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար։ Ապա հայցեց Ամենակալ Աստուծոյ օրհնութիւնները ապահովեցնելով իր աղօթքները ի սպաս խաղաղութեան եւ բարօրութեան։ Նորին Սրբութիւնը Աստուածային օրհնութիւնները հայցեց նաեւ Պահամասի ժողովուրդին Պահամասի կառավարիչ` Տիկ Տամէ Մարգարիթ Փինտլինգիին ուղղած պատգամին մէջ։

Յայտնենք թէ 22 սեպտեմբերին հրատարակած թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ` սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր Քուպացիներուն.  ''Շնորհակալ եմ բոլոր Քուպացիներուն։ Սրտանց Շնորհակալութիւն'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.