2015-09-22 08:49:00

Օպամա.''Հայաստանը Միացեալ Նահանգներուն համար կարեւոր գործընկեր է''։


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 24-ամեակին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին յղած իր ուղերձին մէջ նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ եղած կապերը ամուր են եւ երկարատեւ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ երախտապարտ են խաղաղապահ գործողութիւններուն, ներառեալ` Լիբանանի եւ Քոսովոյի մէջ Հայաստանի աջակցութեան համար:

«Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ եղած կապերը ամուր են եւ երկարատեւ: Հայ ժողովուրդի տոկունութեան, հիւրասիրութեան եւ ստեղծարարութեան շնորհիւ դուք արժանացած էք հիացմունքին աշխարհի վրայ շատերու, որոնց շարքին նաեւ Միացեալ Նահանգներուն: Հայաստան կարեւոր գործընկեր է, որուն հետ մենք կը կիսենք աշխուժ եւ ընդլայնուող օրակարգ: Մենք երախտապարտ ենք խաղաղապահ գործողութիւններուն, ներառեալ` Լիբանանի եւ Քոսովոյի մէջ, Հայաստանի աջակցութեան համար: Մենք նաեւ կ՛ողջունենք այս տարի Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան առեւտուրի եւ ներդրումներու հարցերով խորհուրդի ստեղծումը, որ իր կարգին առաւել եւս պիտի ամրապնդէ մեր երկիրներուն միջեւ եղած տնտեսական կապերը: Մինչ դուք կը նշէք անկախութեան 24-ամեակը, ես ձեզի եւ Հայաստանի ժողովուրդին այս անկախութեան օրը կը մաղթեմ ամենայն բարիք եւ յաջող գալիք տարի», նշուած է ուղերձին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.