2015-09-22 08:20:00

Էլ Քոպրէյի ''Վիրճէն Տէ Լա Քարիտատ՝՝ ազգային սրբավայրը։


Քուպայի մէջ  ''Վիրճէն Տէ Լա Քարիտատ՝՝  ամենէն շատ յարգուած եւ յաճախուած  պաշտամունքի  եւ ուխտագնացութեան այս վայրի  պատմութիւնը առընչուած է երկրի ընկերային, քաղաքական  իրադարձութիւններուն հետ։ 1606 թուականին, երեք ձկնորսներ՝ երկու հնդիկ, եւ մէկ սեւամորթ ստրուկ, ծովուն մէջ կը գտնեն Տիրամօր փայտի վրայ քանդակուած պատկեր մը ։

Տիրամօր սրբապատկերը կը փոխադրուի Էլ Քոպրէի մէջ գտնուող հանքի  մը մէջ, ուր  չարաչար   շահագործուած էին  անթիւ ստրուկներ։

1684-ին,  նոյն հանքին  մէջ  կը կառուցուի Տիրամօր նուիրուած առաջին սրբավայրը, ուր 1801ին,  կը կարդացուի Էլ Քոպրէի հանքերու մէջ աշխատող ստրուկներու ազատութեան յայտարարութիւնը,  այն ժամանակուայ սրբավայրին մատրանապետի՝ հայր Ալէսսանտրօ Էսաքնիոյի արժանիքով։

1868-ին, Քուպայի անկախութեան  եւ ստրուկներու ազատագրումին գլխաւոր դերակատար Քարլոս Մանուէլ Տէ Չէսպէտէս`, կ՝այցելէ   Էլ Քոպրէյի  Վիրճէն Տէ Լա Քարիտատ սրբավայրը, ուր Տիրամօր պատկերին դիմաց  աղօթք կը կատարէ , Քուպայի անկախութեան ի խնդիր։

12 Յուլիս, 1898ին, Սրբավայրին մէջ կը մատուցուի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, գոհունակութիւն յայտնելու Աստուծոյ Քուպայի անկախութեան համար։։

10 Մայիս 1916-ին, Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետ. ''Վիրճէն Տէ Լա Քարիտատ'' Տիրամայրը կը հռչակէ Քուպայի պաշտպան սրբուհին։  2016-ին,  արդաrեւ կը նշուի այդ հռչակագիրին 100 ամեակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.