
(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 22 սեպտեմբեր 2015-ին Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ սկիզբ առաւ ընտանիքներու 8-րդ համաշխարհային հաւաքը որուն վերջին երկու օրերուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ աւարտելով Քուպայի իր հովուական այցելութիւնը այսօր կ՛անցնի Ուաշինկթըն սկիզբ տալով 10-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանին` Միացեալ Նահանգներու հովուական այցելութիւնը որ պիտի եզրափակուի յառաջիկայ 27 սեպտեմբերին` Ֆիլատելֆիայի մէջ, Ընտանիքներու 8-րդ համաշխարհային հաւաքի փակման արարողութեամբ։
Այս առթիւ, 21 սեպտեմբերին `Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական հակիրճ պատգամ մը յղած է Ֆիլատելֆիայի մէջ համախմբուած ընտանիքներուն որուն մէջ յայտնած է ''Անհամբեր կը սպասեմ ողջունել ուխտաւորներն ու Ֆիլատելֆիայի բնակչութիւնը, Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաքին առթիւ։ Հոն պիտի գամ որովհետեւ դուք այնտեղ էք։ Կը հանդիպինք Ֆիլատելֆիայի մէջ։
| All the contents on this site are copyrighted ©. |