2015-09-21 17:00:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզը, Հոլկինի Յեղափոխութեան Հրապարակին վրայ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երկուշաբթի, 21 սեպտեմբերին Սուրբ Պատարագ մատոյց Հոլկին քաղաքի Յեղափոխութեան Հրապարակի վրայ։ Ան առաջին Քահանայապետն է, որ կ’այցելէ այս Քաղաքը։

Սուրբ Պատարագի քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Սուրբ Մատթէոս Աւետարանիչի՝ Յիսուսի հետ հանդիպման եւ դարձին, որուն յիշատակը կը կատարուի այսօր ըստ Լատին Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին։

Սուրբ Աւետարանի կը պատմէ՝ “Յիսուս Մատթէոս անունով մարդ մը տեսաւ, որ մաքսատան առջեւ նստած էր եւ ըսաւ անոր. ’Ետեւէս եկուր’։ Ան ելլելով՝ Յիսուսի ետեւէն գնաց”։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ Մատթէոսի եւ միւս առաքեալներուն կեանքին համար վճռական պահ մը եղած է Յիսուսի հայեացքը։ Հայեացք մը, որ կ՛ազդէ անհատին վրայ։ Մատթէոս պաշտօնեայ մըն էր, որ հռոմայեցիներուն համար դրամ կը հաւաքէր։ Ասոր համար ան ընկերութենէն մերժուած էր։ Չէր կարելի անոր հետ խօսիլ, որովհետեւ մարդկային յարաբերութիւններէ արտաքսուած ընկերային դասակարգի մը կը պատկանէր։ Սակայն Յիսուս կ՛ընդգրկէ զայն իր հայեացքով, առանց աճապարանքի, հանդարտութեամբ։ Պատահար մըն է, որ Մատթէոսի սրտին կը խօսի, անոր կեանքը կը փոխակերպէ. ինչպէս է նաեւ Զակքէոսի, Բարդիմէոսի, Մարիամ Մագդաղենացիի, Պետրոսի եւ մեզմէ իւրաքանչիւրի պարագան։

Մեղաւորները խորապէս կը զգացուին Յիսուսի հայեացքէն։ Յիսուսի սէրը կը կանխէ, հայեացքը կը հպի մեր կարիքներուն, կանգ չ՛առներ երեւոյթներու եւ մեղքի առաջ։ Յիսուսի հայեացքը մեզի կը շնորհէ զաւակներու արժանապատուութիւնը, մեզ կ՛ազատէ արտաքսուածներու ընկերային դասակարգէն։ Կարեւոր է, որ Յիսուսի հայեացքը առնենք իբր հիմ մեր յոյսին։

Յիսուսի հայեացքը լի է ողորմութեամբ, եւ սակայն պահանջկոտ՝ կը մղէ առաքելութեան։ Յիսուս Մատթէոսին կ՛ըսէ՝ “հետեւէ´ ինծի”։ Յիսուսի հայեացքը Մատթէոսի կը պատճառէ ուրախութիւն, եւ սակայն նաեւ զայն կ՛ուղղէ դէպի ծառայութիւն։ Մատթէոս այլեւս նոյնը չէ, փոխակերպուած է ամբողջութեամբ։ Յիսուսի հայեացքը յառաջ կը բերէ առաքելական գործունէութիւն, ծառայութիւն՝ որպէսզի մեզ ազատէ մեր անհատական փակուածութենէն, պատկանելիութեան մտաձեւութիւններէն եւ “քաղաքական ճշգրտութեան” սահմանափակ վերաբերմունքէն։

Յիսուս կը կանխէ մեզ, մեզ կը հրաւիրէ Իրեն հետեւելու, գերազանցելու մեր նախապաշարումները, մեր դիմադրութիւնը փոփոխութեան հանդէպ՝ ներառեալ մեր անձի փոփոխութիւնը։ Յիսուս կը հարցնէ՝ “Դուն կը հաւատա՞ս. կը հաւատա՞ս, որ կարելի է Աստուծոյ բարեկամ դառնալ”։ Այսպէս՝ Յիսուսի հայեացքը կը փոխակերպէ նաեւ մեր հայեացքը, մեզ կը վերածէ Աստուծոյ իսկական զաւակներու, որովհետեւ Աստուած Հայր մըն է, որ կ՛ուզէ բոլոր զաւակներուն փրկութիւնը։ Սորվինք տեսնել Անոր նման, եւ մեր հայեացքով ընդգրկել հիւանդները, ծերերը եւ ընտանիքները, որոնք դժուարութեան մէջ են։ Կոչուած ենք սորվիլ Յիսուսէն, որ միշտ կը տեսնէ այն, ինչ որ անհատի մը ամենէն վաւերական մասն է, որ Հօր ճիշտ պատկերն է։

Այսպէս, Քուպայի Եկեղեցին կը վերածուի առաքելութեան, աղօթքի, Խօսքի ունկնդրութեան, քրիստոնէականի ուսուցման եւ համայնքային կեանքի տան մը։ Քուպայի Եկեղեցին կ’աշխատի բոլորին, նաեւ ամենէն հեռաւոր տեղեր, հասցնել Քրիստոսի խօսքը եւ ներկայութիւնը։ Ասոր համար, Սրբազան Պապը կը նշէ “առաքելութիւններու տուներու” հարկաւորութիւնը, որոնք եկեղեցիներու եւ քահանաներու սակաւութեան պատճառաւ, շատերու թոյլ կու տան՝ աղօթքի վայր մը ունենալու, ուր կարենան լսել Սուրբ Աւետարանի խօսքը եւ քրիստոնէականի ուսուցումը, եւ մասնակցին համայնքային կեանքին. եւ այս ամէնը Մարիամի՝ Քոպրէի Սիրոյ Կոյսին մայրական հայեացքին ներքեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.