2015-09-21 11:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը Արեւելեան Ասորի Եկեղեցւոյ նոր Պատրիարքի ընտրութեան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, սեպտեմբեր 18ին, Մար Կաուարկիս Սլիվա՝ Մետրապոլիտ Իրաքի Արեւելեան Ասորի Եկեղեցւոյ, ընտրուած է Պատրիարք սոյն Եկեղեցւոյ։ Մար Կաուարկիս Գ.ի գահակալութիւնը պիտի կատարուի տարւոյս սեպտեմբերի 27ին, Իտլիպի Սուրբ Յովհաննէս Մայր Տաճարին մէջ։

Նորընտիր Պատրիարքը ծնած է 1941ին, Հապպանիա (Իրաք)։ 1981ին Չիքակոյի մէջ օծուած է Իրաքի Մետրապոլիտ, իր նախորդի՝ Տինխա Դ. Պատրիարքի ձեռքով։ Իր օծումէն սկսեալ ան իր աթոռը հաստատած է Պաղտատի մէջ եւ վկայ եղած է քաղաքական յեղաշրջումներու եւ Ասորի Քրիստոնեաներու տեղահանութեան եւ հալածանքներուն։

Սլիվա Պատրիարք, Արեւելեան Ասորի Եկեղեցւոյ 112րդ Պատրիարքն է։ Իր գահակալութենէն վերջ Պատրիարքական աթոռը Իրաք պիտի վերադառնայ 82 տարուան աքսորէ վերջ։

Այս ընտրութեան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական հեռագիր մը ուղարկած է Մար Կաուարկիսի Գ.ի։

Հեռագիրին մէջ Սրբազան Պապը իր ուրախութիւնը կը յայտնէ եւ Արեւելեան Ասորի Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն կ’ուղղէ իր մաղթանքները եւ զօրակցութեան հաւաստիքը, հայցելով Սուրբ Հոգիի օրհնութիւնը նորընտիր Պատրիարք գործունէութեան վրայ։

Սրբազան Քահանայապետը կը շարունակէ՝ “Կը միանամ Ձերդ Սրբութեան՝ աղօթքով եւ զօրակցութեամբ այն բոլորին հետ, որոնք կը տառապին Միջին Արեւելքի ողբերգական վիճակէն, մանաւանդ մեր քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը եւ Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ գտնուող այլ կրօնական փոքրամասնութիւնները։ Ձեր հետ, կը հայցեմ Տիրոջմէ, որ անոնց շնորհէ ոյժ, որպէսզի կարենան պահպանել իրենց քրիստոնէական վկայութիւնը”։

Հեռագիրի աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կը յիշէ Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ասորի Եկեղեցիներու մէջ եղած եղբայրական կապը, եւ յոյս կը յայտնէ որ այդ բարեկամութիւնը եւ երկխօսութիւնը աւելի զարգանան եւ խորանան։








All the contents on this site are copyrighted ©.