2015-09-21 09:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Հանդիպումը Ֆիտել Քասթրոյի հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 20 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Քուպա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ Լա Հապանայի  մէջ հանդիպում ունեցաւ Քուպայի երբեմնի նախագահ` Ֆիտել Քասթրոյի հետ։

Սոյն տեղեկութիւնը փոխանցած է Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի։ Պապին եւ Քասթրոյի միջեւ հանդիպումը տեւեց ընդամէնը 30 վայրկեան ու տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Լա Հապանաի յեղափոխութեան հրապարակին վրայ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին, ծերունի ղեկավարի բնակարանին մէջ։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ֆիտել Քասթրոի ընտանեկան պարագաները մինչ Քահանայապետին կ՛ընկերանար Քուպայի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ճորճօ Լինկուա։

Այս առթիւ Սրբազան Պապը Քասթրոյին նուիրեց Հայր Ալեսսանտրօ Փրոնծաթոյի մի քանի գիրքեր եւ ''Լաուտաթօ Սի'' եւ ''Էվանճելի Կաուտիում'' շրջաբերականներէն օրինակ մը ինչպէս նաեւ` Ֆիտել Քասթրոյի երբեմնի ուսուցիչ Հայր Արմանտօ Լորենթէի խորհրդածութիւններու երկու ձայնասկաւառակ։

Քասթրոն Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեց գիրք մը ''Ֆիտելը եւ Կրօնքը'' վերտառութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին զրոյցները կեդրոնացան կենսոլորտային հարցերու եւ աշխարհը յուզող տագնապներու նիւթերու շուրջ։

Յայտնենք թէ Ֆիտել Քսաթրոն հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Վոյթիլա քահանայապետին հետ 1996-ին Վատիկանի մէջ եւ 1998 Քուպայի մէջ, ու նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ հետ Լա Հապանայի մէջ 2012-ին։

Յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւնը տուաւ նաեւ Երկրին Նախագահին` Ռաուլ Քասթրոյին, անոր հետ ունենալով 50 վայրկեան տեւող առանձնական հանդիպում մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.