2015-09-21 10:51:00

Հայր Լոմպարտիի զեկոյցը Ֆրանչիսկոս Պապի Հապանայի մէջ ունեցած հանդիպումներու մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, անդրադարձած է Ֆրանչիսկոս Պապին Քուպա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Լա Հապանայի  20 սեպտեմբերի գործունէութեան մասին։

Հայր Լոմպարտի յիշեցուցած է, որ Սուրբ Պատարագը միշտ Սրբազան Քահանայապետի հովուական այցելութիւններուն գագաթնակէտն է, էական հանդիպումը քրիստոնեայ հաւատացեալներու հետ։ Իսկ 20 սեպտեմբերին, Հապանայի մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին նաեւ 5 երեխաներ ընդունած են առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը։

Հայր Լոմպարտի խոր տպաւորութեամբ արտայայտուած է Սուրբ Պատարագի արարողութեան մասին, ուր ցայտուն կերպով տեսնուած է պահի լրջութիւնը եւ  ժողովուրդի ջերմեռանդութիւնը։ Սրբազան Պապ իր քարոզին մէջ խօսած է ծառայութեան մասին, որուն Սուրբ Աւետարանը մեզ կը յորդորէ։ Իսկ Հրեշտակ Տեառնի աղօթքի ժամանակ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր քարոզին մէջ շեշտը դրած է խաղաղութեան վրայ։

Ըստ Հայր Լոմպարտիի, Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Հրամանատար Ֆիտել Քասթրոյի հանդիպումը ծրագրուած չէր, սակայն նախատեսելի։

Ֆիտել Քասթրոյի մեծ փափաքը եղած է հանդիպիլ Սրբազան Քահանայապետին, ինչպէս ժամանակին ան ուժգին իղձն ունեցած էր հանդիպելու Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին։ Խօսելով Ֆիտել Քասթրոյի մասին, Հայր Լոմպարտի նշած է, որ Հրամանատարը արդէն մեծ տարիքի մէջ է, շատ կը կարդայ եւ շատ կը խորհրդածէ, եւ հետաքրքրուած է այժմէական հարցերով։ Ան ժամանակին Պենետիկտոս ԺԶ Պապէն խնդրած էր գրքեր իբր խորհրդածութեան նիւթ։ Ֆրանչիսկոս Պապ տեղեակ ըլլալով ասոր՝ Ֆիտել Քասթրոյի նուիրած է գրքեր եւ ձայնասկաւառակներ՝ կրօնական բովանդակութեամբ։ Հրամանատարը իր կարգին, Սրբազան Քահանայապետին նուիրած է գիրք մը՝ “Ֆիտել եւ Կրօնքը” խորագրով։ Հայր Լոմպարտի այս հանդիպումը որակած է “ընտանեկան եւ դրական”։

Յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ հանդիպում ունեցած է կրօնաւորական կեանքի նուիրեալներուն եւ ապա երիտասարդներուն հետ։ Կարդինալ Օրթեկայի եւ Կրօնաւորուհիի մը խօսքերը, եւ երիտասարդի մը ելոյթը, մեծապէս խանդավառած են Սրբազան Պապը, որուն հետեւանքով ան մօտիկէն անդրադարձած է անոնց խօսքերուն, մէկդի դնելով այս առթիւ պատրաստուած գրաւոր ճառերը։ 

Կրօնաւորներուն խօսած է աղքատութեան, ողորմութեան, ներողութեան եւ Քրիստոսի խոնարհութեան մասին։ Իսկ Երիտասարդները քաջալերած է “երազանքի”՝ գաղափարականներու ձգտումի՝ առանց վախի։ Յորդորած է զանոնք բացուելու երկխօսութեան՝ առաւելապէս անհատներու՝ քան գաղափարախօսութիւններու հետ՝ ի սպաս հասարակաց բարիքին։

Վերջապէս, Հայր Լոմպարտի յայտնած է, թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ գոհ մնացած է այս հանդիպումներէն։ Կան պահեր, ուր ան կը զգայ յոգնութիւնը. սակայն միշտ արտակարգ ուժականութիւն եւ խոր հոգեկանութիւն կը ցուցաբերէ իր հանդիպումներուն մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.