2015-09-21 15:00:00

25 Սեպտեմբերին Վատիկանի դրօշը պիտի ծածանի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցչութեան հրատարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ յառաջիկայ 25 սեպտեմբերին, ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ, պատմութեան մէջ առաջին անգամուան համար, ՄԱԿ-ի անդամ 193 երկիրներու շարքին, պիտի ծածանի նաեւ Վատիկանի ''Դեղին ու ճերմակ''գոյներով դրօշակը։

Սուրբ Աթոռը եւ ՄԱԿ-ի քարտուղարութիւնը համաձայնած են որ Վատիկանի դրօշի զետեղումը տեղի ունենայ առանց պաշտօնական արարողութեան` 25 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապին ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին տուած այցելութեան առթիւ։

Յայտնենք թէ Սուրբ Աթոռի ''Դեղին ու ճերմակ''գոյներով դրօշակը­ պաշտօնապէս որդեգրուած է 1929- թուականին








All the contents on this site are copyrighted ©.