2015-09-20 16:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Մարեմեան Աղօթքը Յեղափոխութեան անուան հրապարակէն


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 20 սեպտեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ, Լա Հապանայի Յեղափոխութեան անուան հրապարակի վրայ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին նոյն վայրէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ուղղած իր պատգամին մէջ ակնարկեց օրուայ Աւետարանական ընթերցումին, ուր՝ Յիսուսի առաքեալները չեն յանդգնիր  Յիսուսին հարցնելու անոր չարչարանքներու եւ մահին մասին, որովհետեւ սարսափած էին եւ չէին ըմբռնած Յիսուսին՝ խաչին վրայ տեսնելու գաղափարը։

՝՝Մենք ալ՝՝ հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ՝՝փորձարկուած ենք խուսափիլ ուրիշներու խաչերէն, փորձարկուած ենք հեռանալ տառապողներէն։ Ուղղենք մեր հայեացքը Սուրբ Կոյսին՝ Մեր Մօր։ Խնդրենք Անորմէ որ մեզի սորվեցնէ նեցուկ կանգնիլ տառապող եղբօր խաչին մօտ, որպէսզի  կարենանք Յիսուսը  տեսնել` փողոցներու մէջ լքուած իւրաքանչիւր  մարդուն մէջ, իւրաքանչիւր սոված եւ ծարաւի եղբօր մէջ։  Խաչին տակ, Տիրամօր հետ միասին,  կրնանք իսկապէս հասկնալ թէ ո՞վ է աւելի մեծը,  եւ ի՞նչ կը նշանակէ Տիրոջ միացած ըլլալ եւ մասնակից դառնալ Անոր Փառքին։

Սորվինք Տիրամօրմէն արթուն սիրտ ունենալ եւ ուշագրաւ ըլլալ ուրիշներու կարիքներուն,  Ինչպէս Ան սորվեցուց մեզի Կանայի հարսանիքի ժամանակ, կեանքի ընթացքոն ուշադիր ըլլալ պզտիկ բաներու , չի դադրիլ աղօթելէ մէկը միւսին համար, որպէսզի ոչ մէկուն պակսի նոր Սիրոյ գինին, Յիսուսի՝ մեզի ընծայած ուրախութիւնը։

 

Ֆրանչիսկոս Պապա  ապա կոչ ուղղեց Քոլոմպիայի խաղաղութեան ի սպաս ըսելով.

՝՝Այս պահուն, պարտականութիւնը կը զգամ, մտածելու  սիրեցեալ Քոլոմպիային, որուն զաւակները ''վերանորոգուած ուժականութեամբ եւ ոգեւորուած յոյսով կը ջանան կառուցել խաղաղ ընկերութիւն մը''։

 

 Թող վերջին տասնեակ տարիներուն, հազարաւոր անմեղներու հոսած արիւնը՝  միացած Խաչեցեալ Յիսուս Քրիստոսին, նեցուկ  ըլլայ ի գործ դրուած բոլոր ջանքերուն, նաեւ այս գեղեցիկ կղզիին մէջ,  վերջնական համերաշխութեան ի սպաս։ Այսպէսով, վիշտի  եւ բռնութեան երկար գիշերը,  բոլոր Քոլոմպիացիներուն կամքով, դառնայ առանց մայրամուտի ցերեկի մը, համերաշխութեան, արդարութեան, եղբայրութեան ու սիրոյ, որպէսզի խաղաղութիւնը ըլլայ մշտատեւ,  իշխանութիւններու, ազգային եւ միջազգային իրաւունքներուն յարգանքով։

Կարելի չէ թոյլատրել այլ ձախողութիւն մը`  խաղաղութեան եւ համերաշխութեան այս ճանապարհին ըսաւ Ֆրանչսկոս Պապը  հրաւիրեց ներկաները միանալու իր Տիրամօր ուղղուած աղօթքին որպէսզի բոլոր մտահոգութիններն ու ձգտումները դնենք Քրիստոսի Սրտին մօտ։

 Յատկապէս  աղօթենք  բոլոր անոնց համար որոնք յուսալքուած են, անարդարութեան զոհ, լքուած եւ մեկուսացուած, ինչպէս նաեւ աղօթ տարեցներուն, մանուկներուն եւ  հիւանդներուն համար որպէսզի Երկնաւոր Մայր անոնց արցունքը սրբէ, ու զանոնք մխիթարէ իր մայրական գորովով, անոնց վերադարձնէ յոյն ու ուրախութիւնը։

Մայր Սուրբ քեզի կը վստահիմ Քուպայի քու զաւակներդ։ Երբեք մի թողուր զիրենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.