2015-09-20 15:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Լա Հապանայի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 20 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 9-ին (Հռոմի ժամով 15-ին), Ֆրանչիսկոս Պապը Լա Հապանայի ''Փլազա Տէ Լա Ռեվոլուսիոն – Խօսէ Մարթի'' հրապարակին վրայ մատոյց` բացօթեայ սուրբ պատարագ մասնակցութեամբ բազմահազար (կէս միլիոն) Քուպացի հաւատացեալներու։ Սրբազան արարողութեան ներկայ էր նաեւ Ռաուլ Քասթրոն եւ Արժանթինի նախագահ` Տիկ Քրիսթինա Քիրչներ։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Մարկոսի աւետարանէն (Գլ. 9) ուր Յիսուս իր աշակերտներուն հարց կու տայ թէ ի՞նչ բանի մասին կը վիճաբանէին ու անոնք չեն համարձակիր պատասխանել որովհետեւ կը վիճաբանէին թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը։

Ո՞ է մեծը` հարցում մը որ մեզի կ՛ընկերանայ կեանքի ընթացքին – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – հարցում մը որ դրոշմուած է մեր սրտին մէջ։ Մարդկութեան պատմութիւնը յատկանշուած է այս հարցումին պատասխանելու ձեւէն։

Յիսուս չի վախնար մարդոց հարցումներէն, ընդհակառակը, Ան կը ճանչնայ մարդուն սիրտը ու որպէս լաւ մանկավարժ միշտ պատրաստ է մեզի ընկերանալու։ Եւ հաւատարիմ իր ոճին Յիսուս միշտ ի գործ կը դնէ սիրոյ տրամաբանութիւնը։ Տրամաբանութիւն մը որ ամէնքը կարող են ապրիլ, որովհետեւ բոլորին կը պատկանի։

Յիսուսի հորիզոնը միշտ եղած է առօրեայ կեանքի համար առաջարկ մը ներկայացնել որ առօրեային կու տայ յաւերժութեան բուրմունք։

Ո՞վ է առաջինը։ Յիսուս պարզ է իր պատասխանին մէջ. ''Ով որ ուզէ առաջինը ըլլալ, թող վերջինը ըլլայ եւ ամէնուն ծառայողը''։

Ով որ կ՛ուզէ մեծը ըլլալ թող ծառայէ միւսներուն եւ ոչ թէ օգտագործէ զանոնք, հաստատեց ապա Քահանայապետը ու աւելցուց ''Յիսուս պարզապէս կը հասկցնէ թէ իսկական կեանքը կ՛ապրուի, մերձաւորին հանդէպ իսկական յանձնառումով''։ Ծառայել կը նշանակէ հոգ տանիլ դիւրաբեկութեան, մեր ընտանիքներու, մեր ընկերութեան ու մեր ազգին դիւրաբեկներուն։ Յիսուս մեզ կը հրաւէրէ նայելու տառապող, անպաշտպան ու չարչարուող դէմքերուն ու զանոնք սիրելու։ Սէր որ կը բացայայտուի գործի եւ որոշումներու ընդմէջէն։

Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ ծառայել եղբայրակիցին արժանապատուութեան, պայքարիլ անոր արժանաւորութեան համար։ Քրիստոնեան` դիւրաբեկներու հայեացքին դիմաց` հրաւիրուած է  մէկդի դնելու  իր ցանկութիւնները, կարիքներն ու ակնկալիքները, յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու շեշտեց ''ծառայութիւն'' բառին իմաստը վերահաստատելով Յիսուսին հրաւէրը '' Ով որ ուզէ առաջինը ըլլալ, թող վերջինը ըլլայ եւ ամէնուն ծառայողը''։

Ծառայութիւնը երբեք գաղափարական չէ որովհետեւ ան գաղափարներու չի ծառայեր այլ անհատներուն - ըսաւ հուսկ Քահանայապետը քարոզի աւարտին ակնարկելով 

Աստուծոյ հաւատարիմ Քուպայի սուրբ ժողովուրդին որ տօնախմբութիւնը, բարեկամութիւնը եւ գեղեցիկը սիրող ազգ մըն է։ ''Ազգ մը որ կը քալէ, կ՛երգէ եւ կը փառաբանէ։ Ազգ մը որ ամէն ազգի նման ունի վէրքեր, բայց գիտէ բազկատարած ըլլալ ու կը քալէ յոյսով որովհետեւ անոր կոչումը մեծ է։ Այսօր ձեզ կը հրաւիրեմ լուրջի առնելու ձեր այս կոչումը, հոգ տանելու Աստուծոյ ձեզի շնորհած պարգեւներուն, ու կը հրաւիրեմ հոգ տանելու ձեր եղբայրներու դիւրաբեկութեան, առանց անտեսելու զանոնք։ Մի մոռնաք այսօրուայ Բարի Աւետիսը, ազգի մը մեծութիւնը, ժողովուրդի մը մեծութիւնը, անհատի մը մեծութիւնը կը հիմնուի եղբայրներու դիւրաբեկութեան ծառայութեան վրայ­, եւ հոն է որ կը գտնենք իսկական մարդկութեան պտուղները։ Ով որ չ՛ապրիր ծառայելու, անոր ապրիլը աւելորդ է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով քարոզը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.