2015-09-20 10:29:00

Խօսէ Մարթի Քուպացի անուանի բանաստեղծ


(Ռատիօ Վատիկան) Խօսէ Մարթի, Քուպացի անուանի բանաստեղծ ու լրագրող մը եղած է, ապրած 1853-1895 թուականներուն։ Ան իր կեանքի ընթացքին, զօրաւոր պայքար մղած է սպանական տիրապետութեան դէմ։ Իր ընդդիմութեան պատճառաւ աքսորուած է Սպանիա, ապա՝ Մեքսիքօ։ Որպէս պանդուխտ շրջած է Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի մէջ՝ ապա վերադարձած հայրենիք, ուր սպաննուած է սպանացիներու դէմ պատզերամի մը ընթացքին։ Խօսէ Մարթին նկատուած է որպէս Լատին Ամերիկիոյ արդիական բանաստեղծութեան դպրոցի հիմնադիրներէն մին ։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.