2015-09-19 09:41:00

Փիօ Ալպերթօ Տէլ Քորոնայի Երանացման արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 19 Սեպտեմբերին, Սան Մինիաթոյի մէջ տեղի կ՛ունենայ երանացումը Pio Alberto del Corona, Տոմենիքեան միաբանութեան կարգէն եւ հիմնադիրը Ս. Հոգւոյ Տոմենիքեան քոյրերու միաբանութեան (1837 – 1912)։

Նոր երանելին ծնած է Իտալիոյ Լիվորնօ քաղաքին մէջ` 5 Յուլիս 1837-ին։ Բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ, ուսմանց մէջ շատ յաջող։ Պատանի հասակէն կամաւոր եղած է Սան Վէնսան բարեսիրական մարմնին, օգնութեան հասնելով աղքատներու ու փոքրերուն կրօն ուսուցանելով։

1 փետրուար 1855-ին տոմենիքեաններու վանքը կը մտնէ։ Իմաստասիրական ու Աստուածաբանական ուսումները աւարտելով կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 15 Փետրուար 1860-ին։

Ան ճանչցուած է որպէս մեծ քարոզիչ ու սրբակեաց խոստովանահայր։

1874-ին օգնական եպիսկոպոս կը նշանակուի Սան Մինիաթօ թեմին։ Անոր առաքելական նուիրումին մաս կը կազմէ Ս. Հոգւոյ տոմենիքեան քոյրերու միաբանութեան հիմնադրութիւնը, նոյնպէս իգական բարեսիրական ընկերակցութիւնը, որուն նպատակն է իգական սեռի զարգացումը, աղքատներու օգնութեան հասնիլը եւ աղջիկ զաւակներու դաստիարակութիւնը։

Ուժասպառ ու հիւանդ 1907ին կը հրաժարի թեմին կառավարութենէն եւ հինգ տարի ետք կը վախճանի սրբութեան համբաւով։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը երանացման հրամանագիրին մէջ Աստուծոյ ծառայ  Pio Alberto del Corona ''Հոգիներու հովիւ ըստ Քրիստոսի սրտին եւ Աւետարանի խոնարհ սպասաւոր''։ Ան եղաւ ճշմարիտ հովիւ որ գիտէր խօսակցիլ Աստուծոյ հետ, առանց մոռնալու մարդիկը եւ գիտէր խօսակցիլ մարդոց հետ առանց մոռնալու Աստուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.