2015-09-19 10:19:00

Յունաստանի մէջ հարցախոյզի մը համաձայն. Սիրիզա առաջին դիրքի վրայ


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Խմբագիրներու թերթը»` յղում կատարելով «Փրորաթա» ընկերութեան պատուէրով կատարուած հասարակական կարծիքի հարցախոյզին, կը հաղորդէ, որ Յունաստանի մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն 4 օր առաջ արմատական ձախ Սիրիզա կուսակցութիւնը 4 առ հարիւրով կը գերազանցէ պահպանողական աջ կեդրոնամէտ Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը:

15 սեպտեմբերին, երկու կուսակցութիւններու ղեկավարներ Ալեքսիս Ցիփրասի եւ Վանկելիս Մէյմարաքիսի միջեւ տեղի ունեցած պատկերասփռուած բանավէճէն մէկ օր ետք կատարուած հարցախոյզին համաձայն, Սիրիզայի ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ են հարցախոյզին մասնակիցներուն 28 առ հարիւրը, Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ի նպաստ` 24 առ հարիւրը, ծայրայեղ աջակողմեան Ոսկիէ արշալոյսին` 7,5 առ հարիւրը, իսկ Յունաստանի համայնավար կուսակցութեան, ՓԱՍՕՔ-ին եւ Փոթամիին` 5-ական առ հարիւր:

Այդպիսով, ըստ հարցախոյզին արդիւնքներուն, խորհրդարան մուտք կը գործեն ութ կուսակցութիւններ: Հարցախոյզին մասնակիցներուն 15 առ հարիւրը տակաւին չեն կողմնորոշուած:

Նոյն բանավէճէն ետք, 16 սեպտեմբերի երեկոյեան «Սքայ» պատկերասփիւռի կայանին պատուէրով Մակեդոնիոյ համալսարանի կատարած հարցախոյզը առաւելութիւնը կու տայ Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան` 30 առ հարիւր, իսկ Սիրիզային` 29,5 առ հարիւր:








All the contents on this site are copyrighted ©.