

(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 18 սեպտեմբեր 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ, իր քահանայապետութեան առաքելական 10-րդ ճամբորդութեան նախօրեակին, որ զինք պիտի տանի Քուպա եւ Միացեալ Նահանգներ, հրատարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ խնդրեց աղօթել այս ճանապարհորդութեան դիտաւորութեան, յայտնելով թէ` Ինք պէտք ունի աղօթքներուն։
''Ձեզ կը հրաւիրեմ իմ հետս աղօթելու Քուպա եւ միացեալ Նահանգներ Ճամբորդութեանս համար։ Ես Պէտք ունիմ ձեր աղօթքներուն'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր հրատարակած թուիթին մէջ։
| All the contents on this site are copyrighted ©. |