2015-09-17 11:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը փողոցներու հովուական խնամակալութեան համագումարի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերի առաւօտեան, Վատիկանի Քլէմէնթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, հանդիպեցաւ Հռոմի մէջ կայացող “փողոցներու հովուական խնամակալութեան” միջազգային համագումարի մասնակիցներուն՝, որ կազմակերպուած է Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ։

Այս առթիւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան հայրը յարեց, թէ սոյն միջազգային համագումարին կէտնպատակն է՝ ծրագիր մշակել փողոցներու մէջ շրջող մանուկներու եւ կիներու, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքներուն համար, բարձր գնահատելով կազմակերպութեան տածած պաշտպանողական աշխատանքները եւ քաջալերեց՝ յառաջ ընթանալ յոյսով եւ առաքելական սլացքով։

 Ֆրանչիսկոս Պապ խօսելով փողոցներուն մէջ ապրող մարդոց մասին ըսաւ՝ “Ոչ մէկ մանուկ իր ազատ կամքով ընտրած է փողոցներու մէջ ապրիլ”։

Իւրաքանչիւր մանուկ, որ լքուած է եւ ստիպուած՝ փողոցներու մէջ ապրիլ, Աստուծոյ բարձրացած աղաղակ մըն է. այն Աստուծոյ, որ մարդը ստեղծեց իր պատկերին նման։ Ընկերային համակարգի հանդէպ մեղադրանքի աղաղակ մըն է, զոր տասնեակ տարիներէ ի վեր քննադատած ենք եւ յոգնած ենք զայն փոխակերպելու՝ համապատասխանելու համար արդարութեան չափանիշերու։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մտահոգութիւն յայտնեց անթիւ երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներուն նկատմամբ, որոնք իրենց առօրեայ հացը ճառելու համար փողոցներու մէջ կը վաճառեն իրենց մարմինները։

Եկեղեցին չի կրնար լուռ մնալ սոյն երեւոյթներու հանդէպ։ Եկեղեցական հաստատութիւնները չեն կրնար իրենց աչքերը փակ պահել փողոցներու մէջ լքուած մանուկներուն եւ կիներուն դիմաց։ Չենք կրնար խուսափիլ փոխանցելէ Աստուծոյ բարութիւնն ու ողորմած քնքշութիւնը փողոցներու մէջ ապրող մարդոց, յատկապէս՝ տկարներուն։

Ողորմածութիւնը հզօրագոյն արարքն է, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, աւեցնելով՝ թէ անոր միջոցաւ է, որ Աստուած կը մօտենայ մեզի, այն  ուղին է որ սիրտը կը բանայ յոյսին  դիմաց՝ ընդմիշտ սիրուած ըլլալու համար։ 

Ճառի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ համագումարի մասնակիցներուն բեղուն առաքելութիւն մաղթեց՝ ի սպաս թշուառներու եւ չարաշահուածներու ազատագրութեան։ Յանձնելով անոնց ծառայութիւնը Տիրամօր հովանիին, Ողորմութեան Մօր, Ֆրանչիկսոս Պապ յարեց՝ “թող Տիրամօր քնքուշ հայեացքը ընկերանայ բոլոր անոնց, որոնք յանձնառու են մանուկներու եւ կիներու  հոգատածութեան”։








All the contents on this site are copyrighted ©.