2015-09-17 12:56:00

Չիլէի մէջ 8.3 աստիճան ուժգին երկրաշարժ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբերին ուշ գիշերին, ուժգին երկրաշարժ մը հարուածած է Չիլէ, պատճառելով 5 մեռեալներ եւ աւելի քան մէկ միլիոն տեղահանուածներ։ Յետ Երկրաշարժին տեղի ունեցած են 30 ցնցումներ, որոնք զգացուած են մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։Նշենք, թէ այս երկրաշարժը, 2015 տարուան ժամանակամիջոցին ամենէն ուժեղ եւ ամեմէն շատ մադկային վնանսեր պատճառող երկրաշարժը պիտի նկատուէր, եթէ ան Չիլէի Քաղաքացիական պաշտպանութեան կազամակերպութեան կողմէ կանխազգացուած չըլլար եւ ժողովուդը զգուշացուած չըլլար։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.