2015-09-16 11:37:00

Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեան 100 ամեակի առիթով, Լոյոլա Համալսարանին մէջ։


2015-ին, աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը յիշատակէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։  Այս առթիւ,  8-12 հոկտեմբերին,  William H. Hannon  Library-ի 3-րդ յարկին  վրայ պիտի ցուցադրուին լուսանկարիչ Շիրազին՝ Պատմական Հայաստանի սրբավայրերու եւ կրօնական յուշարձաններու տպաւորիչ լուսանկարները, մասնակցութեամբ միջազգային հրապարակագիր, հրատարակիչ, պատկերասփիւռի մեկնաբան, մարդու  իրաւունքներու պաշտպան Յարութ Սասունեանին։ Ձեռնարկը պիտի վայելէ հովանաւորութիւնը  Հիւսիսային Ամերիկայի կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեանի։

Այս առիթով Լոյոլա Մէրիմաունթ Համալսարանը եւ Յիսուսեան հայրերը կը հրաւիրեն «ՅԻՇԵՆՔ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԻ ԵՏՔ» խորագրեալ խորհրդաժողովին եւ լուսանկարներու ցուցադրութեան որ տեղի պիտի ունենայ 8 հոկտեմբեր 2015, հինգշաբթի, յետմիջօրէի ժամը 4.30 - 6.00, Ուիլիըմ Հ. Հէննըն Մատենադարանին 3-րդ յարկը: Խորհրդաժողովին պիտի յաջորդէ ընդունելութիւն մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.