2015-09-16 09:19:00

''Մէկ Սիրտ'' կոչուած բարեգործական մարմինի խորհրդաժողովը 17 Սեպտեմբերին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի` 17 սեպտեմբերին, Քահանայապետական Մէկ Սիրտ կոչուած բարեգործական մարմինը խորհրդաժողով մը կը գումարէ  հայող Իրաքի ու Սուրիոյ զինեալ տագնապին հարցին։

Խորհրդաժողովին հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու տարածաշրջանի եպիսկոպոսները եւ կաթողիկէ բարեսիրական այն մարմինները որոնք իրենց նեցուկը կը բերեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։

Խորհրդաժողովին արդէն պատասխանած են 30 բարեսիրական մարմիններ, որոնց առջեւ խօսք պիտի առնեն ի մէջ այլոց  գերապայծառ  Տալ Թոզօ` Մէկ Սիրտ բարեսիրական մարմնին քարտուղար, կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին եւ Stephen O’Brien ենթաքարտուղարը ՄԱԿի մարդասիրական հարցերու։

Խորհրդաժողովի ընթացքին  պիտի ներկայացուի 2014-2015 տարեշրջանի տեղեկագիրը` հայող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու տրամադրուած օգնութիւններուն։

Խորհրդաժողովին կէտնպատակն է հաշուեյարդար մը ներկայացնել ցայժմ կատարուած աշխատանքին, տեղեկութիւններ փոխանակել եւ բնորոշել յառաջիկայ տարիներուն ծրագիրները։








All the contents on this site are copyrighted ©.