2015-09-16 13:52:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Ե՞րբ կանչել Աստուծոյ անունը ...


Յիսուս ՜՜ զատորոշելու համար  ճշմարիտ աշակերտները կեղծաւորներէն՝՝ ըսած էր. «Չկարծէք, թէ ով որ ինծի «Տէ՛ր, Տէ՜ր» կ’ըսէ, երկինքի արքայութիւնը պիտի մտնէ».

Յիսուս սոյն բացագանչութիւնը օրինակ  բերելով ցոյց կու տայ նաեւ վախճանաբանական պատկերը՝  ՜՜ թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ ժամանակներու աւարտին, նման խաբեպատիր զգացումներով իր անունը շահագործողներուն՝՝:

«Երբ այդ օրը գայ,  շատեր պիտի ըսեն ինծի «Տէ՛ր, Տէ՜ր, չէ՞ որ քու անունովդ Աստուծոյ պատգամները փոխանցեցինք, քու անունովդ չար ոգիներ դուրս հանեցինք եւ քու անունովդ բազմաթիւ հրաշքներ գործեցինք»: Այն ատեն, կ՝ըսէ Յիսուս, պիտի յայտարարեմ անոնց. «Բնա՛ւ ձեզ չեմ ճանչնար: Հեռացէ՛ք ինձմէ դուք բոլորդ, որ չարիք կը գործէիք» (Մտ. 7.21-23)։

Իր կողմէ մերժուելիք եւ իրմէ հեռացուելիք անձերու դէմ ուղղած Յիսուսի ամբաստանութիւնը գլխաւոր երեք կէտեր ունի, որոնք իր մտածողութեան մէջ, ընդհանուր կերպով «չարիք» վերնագրին տակ ամփոփուած են:

Ա.- Աստուծոյ պատգամները փոխանցել,

Բ.- Չար ոգիներ դուրս հանել եւ

Գ.- Հրաշքներ գործել:

Անկասկած, որ այս երեք երեւոյթները ունին նաեւ իրենց դրական իմաստները: Սակայն այստեղ անոնք կը հետեւին կեղծապատիր «Տէ՛ր, Տէ՜ր» բացագանչութեան, որ կը նուազեցնէ անոնց իսկական արժէքը եւ մատնանիշ կ’ընէ մարդոց աչքէն ծածկուած մեքենայութիւն մը:

Աւետարանի այս հատուածին մէջ արտայայտուած տողամիջի պատգամը այն է, որ՝ եթէ կը յաջողուի քեզի մարդիկը խաբել, վստահաբար պիտի ձախողիս զԱստուած խաբելու մեծագոյն ճիգիդ մէջ։

Ընդհանուր ազգաց պատմութեան դասապահերէն յիշենք հետեւեալ դրուագը,  Մարկոս Անտոնիոս զօրավարին եւ Կղէոպատրա թագուհիին մասին. անոնք յաճախ իրարու հետ ձկնորսութեան կ’երթային։ Զօրավարը դանդաղաշարժ էր, մինչ թագուհին ձեռներէց եւ արագաշարժ։ Կղէոպատրա յաճախ կը յաջողէր մեծ ու գեղեցիկ ձուկեր որսալ, մինչ Անտոնիոս գերթէ ձեռնունայն կը դառնար։ Առիթով մը Անտոնիոս վարպետ լողորդի մը յանձնեց մեծ ու գեղեցիկ ձուկեր, զոր բերել տուած էր գաղտնաբար, որպէսզի ջուրին տակ իջնելով անզգալաբար մէկ առ մէկ զանոնք անցընէ իր կարթին։ Կղէոպատրայի աչքէն չվրիպեցաւ սակայն այս խորամանկ ճարպիկութիւնը։

Յաջորդ անգամ, երբ դարձեալ միասնաբար նոյն հաճոյքը կը վայելէին ծովափին, միեւնոյն խաղը այս անգամ Կղէոպատրա ի՛նք կը կազմակերպէ, սակայն երբ Անտոնիոս վեր կը քաշէ իր կարթը, տապկուած մեծ ձուկ մը կը գտնէ այնտեղ կախուած…։

Հոս աւելցնենք. զԱստուած չես կրնար խաբել երբեք։

Ան գիտէ մանաւանդ թէ «ջուրին տակը» եղած պահուդ ի՞նչ կ’ընես։ Ջուրին երեսը ելլելով հանդարտ ու պարկեշտ լողալդ բնա՛ւ երաշխիք չեն կրնար ըլլալ ջուրին տակը եղածիդ կամ ըրածիդ։ Մարդ ի՛նչ ուխտ, երդում ու խոստովանութիւններ ալ ընէ, դարձեալ իր արժէքը կը չափուի առանձնական կեանքին մէջ իր ապրելու ոճով։

Այս մասին փարիսեցիներուն դէմ իր ունեցած արտայայտութիւններուն մէջ Յիսուս յստակօրէն կը մատնանշէ կարգ մը թերութիւններ։ Ինչ որ ուրիշին կ’ըսես, առաջին գործադրողը դո՛ւն պիտի ըլլաս, այլապէս անարժէք ու անիմաստ խօսք մը կ’ըլլայ արտասանածդ։ Փարիսեցիներուն համար Յիսուս կ’ըսէ, որ անոնք դժուարակիր բեռներ կը դնեն ժողովուրդին ուսերուն, մինչ իրենց նուազագոյն ճիգը չեն ըներ զանոնք վերցնելու եւ օգնելու կրողներուն (հմմտ. Մտ. 23.4)։ Իսկ զատողութիւնը, զոր կը դնէին անոնք իրենց ծանօթներուն եւ անծանօթներուն միջեւ, մեծագոյն գայթակղութիւնն էր յաչս ժողովուրդին։

Յիսուս բազմաթիւ առակներով ու քարոզութիւններով շեշտած է մարդկային ըլլալ բոլորին նկատմամբ ու մանաւանդ անոնց, որոնք մեր թշնամիները կը համարենք։ Բարի սամարացիին առակը միթէ գեղեցիկ օրինակ մը չէ՞։ Թշնամիները սիրելու պատգամը սքանչելի քարոզախօսութիւն մը չէ՞ Յիսուսի կողմէ կատարուած։

Հայր մը իր ունեցած թանկարժէք ադամանդը կը խոստանայ տալ իր երեք տղոցմէ անոր, որ լաւագոյն արարքը կատարէ։

Առաջինը անփութութեամբ կը մերժէ մասնակցիլ, արհամարհելով իր հօր ժառանգը եւ գուրգուրանքը։

Երկրորդը անպատսպար երեխայի մը նկատմամբ սէր ու գութ կը ցուցաբերէ եւ կը պաշտպանէ զայն փողոցի քարկոծողներուն դէմ։ Երրորդը իր թշնամիին կեանքը կը փրկէ…։ Հայրը կը գնահատէ այս վերջինը եւ անոր կը յանձնէ թանկարժէք քարը։

Գիշեր ու ցերեկ «Աստուծոյ անունը կանչելը» շուտով կը փոխակերպուի «Տէ՛ր, Տէ՜րի» ստապատիր աղաղակներուն, որոնք կը ջանան յաճախ վարագուրել ճշմարտութիւնները, սակայն չկարենալով ծածկել զանոնք Աստուծոյ աչքէն։ Աստուծոյ տրուած ստորոգելիներուն ամէնէն գեղեցիկներէն մէկն է «ամենատեսութիւնը»։ Մարդիկ ինչքան ալ խորամանկութիւն, հետապնդող հետաքրքրութիւն ու թանձր պատեր ճեղքող երեւակայութիւն ունենան, չեն կրնար ուրիշներու հոգիէն ներս թափանցել ջինջ յստակութեամբ։ Մինչդեռ Աստուծոյ ամենատեսութիւնը կ’անդրանցի նիւթեղէն աշխարհը, ու զայն կը դիտէ իր պարզ մերկութեան մէջ, մանրամասնօրէն։

Եղի՛ր ինչ որ ես, առանց ջանալու երեւնալ ինչ որ չես, ու մանաւանդ չե՛ս կրնար ըլլալ…։

«Տէ՛ր, Տէ՜ր» գոչելով  չես կրնար զԱստուած խաբել.  յանկարծ օր մը կը լսես անոր ձայնը, որ քեզի կ’ըսէ. «Հեռացի՛ր ինձմէ, որովհետեւ դուն չարիք կը գործէիր»։








All the contents on this site are copyrighted ©.