2015-09-15 12:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապ “Եկեղեցին թող ըլլայ Մայր եւ ոչ թէ խիստ ընկերակցութիւն մը”


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 15 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Վատիկանի Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանիսկոս Պապ իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, թէ Եկեղեցին պէտք է ըլլայ Մայր եւ ոչ թէ խիստ ընկերակցութիւն մը, որ ապա՝ որբանայ։

Նշենք թէ Սուրբ Պատարագին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերին, Կարդինալական խորհուրդի 9 անդամները։

Մեկնաբանելով օրուայ աւետարանական ընթերցումը, ուր կը խօսուի Տիրամօր մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, թէ կարելի չէ խոկալ Տիրամօր մասին՝ առանց նկատի առնելու Անոր մայրութիւնը։ Յիսուս չի թողուց մեզ իբր որբեր, այլ մեզի շնորհեց Մայր մը, որ մեզ կը պաշտպանէ։ Ասիկա, նաեւ մեր հպարտութիւնն է. ունինք Մայր մը, որ մեր մօտ կը մնայ, մեզի կ՝ընկերակցի եւ դժուար պահերուն՝ մեզի կ՝օգնէ։

Տիրամօր մայրութենէն կը բխի երկրորդ մայրութիւնը՝ եկեղեցւոյ մայրութիւնը։ Եկեղեցին Մայր է. մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցին, որ մեզ կը ծնանի Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով, մեզ կ՝աճեցնէ իր հասարակութեան մէջ եւ ունի մայրական վերաբերմունք, սէր, եւ մայրական բարութիւն։

Մտաբերել եկեղեցին առանց Տիրամօր մայրութեան, կը նշանակէ մտածել խիստ ընկերակցութեան մը մասին, որ զուրկ է մարդկային սէրէ, եւ որբ։

Ուր կայ մայրութիւն՝ հոն կայ ուրախութիւն, կեանք, եւ խաղաղութիւն։ Ուր այս մայրութիւնը կը պակսի՝ հոն կը մնայ միայն խստութիւն, կարգապահութիւն։

Չկայ աւելի գեղեցիկ բան՝ քան ժպտիլ մանուկին եւ զայն ուրախացնել։

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց իր քարոզը յարելով՝ “Թող Տէրը, այսօր եւս՝ երբ Ան վերստին մեզի համար Հօր կը նուրիուի՝ մեզի լսելի դարձնէ իր խօսքը՝  ՝՝Զաւակս ահաւասիկ քու մայրդ՝՝։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.