2015-09-15 12:20:00

Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն։


«Սի.Էն.Էս.նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ քոնկրեսականներ Աննա Էշու եւ Ճեֆ Ֆորթենպերի Քոնկրեսին ներկայացուցած են բանաձեւ մը` պահանջելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու դէմ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գործուող արարքները կոչել ցեղասպանութիւն:

«Բանաձեւի նախագիծը կոչ կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները անուանել ցեղասպանութիւն: Ցեղասպանութիւն, որովհետեւ քրիստոնէական հնադարեան համայնքները իսկապէս կ՛ոչնչացուին, եւ այնտեղ կան մեծ թիւով այլ հաւատացեալներ կրօնական տարբեր շերտերէ, որոնք եւս կը տուժեն անոնց հետ», նշած է Էշու` ընդգծելով, որ ժամանակն է իրերը իրենց անուններով կոչելու:

Քոնկրեսական Ֆորթենպերին իր կարգին նշած է, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները ներկայիս ցրուած են ամբողջ շրջանին մէջ: «Հնադարեան հաւատքը կոտրուած է, ծեծուած, կը մահանայ: Ասիկա ցեղասպանութիւն է: Միջազգային ընտանիքը պէտք է վերջ տայ գայթակղութիւն եղող լռութեան այս իրավիճակին վերաբերեալ: Քրիստոնեաները, եզիտիներն ու միւս կրօնական փոքրամասնութիւնները ունին բոլոր իրաւունքները մնալու իրենց հնադարեան հայրենիքին մէջ», նշած է Ֆորթենպերի








All the contents on this site are copyrighted ©.